(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 27 Յունիս 2015 – Սիկստինեան մատրան մէջ, ժամը 18-ին, տեղի պիտի ունենայ համերգ մը մասնակցութեամբ Քահանայապետական Երաժշտանոցի եւ Անկլիգան Օքսֆորտ New College-ի եւ ներկայութեամբ Վատիկանի վերին իշխանութեան աւագանիներու եւ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու։ Լսելի պիտի ըլլան Tallis-ի, Palestrina-ի, Gibbons-ի, Purcell-ի եւ Parry-ի երաժշտական հատուածներ.
Սոյն համերգի նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 2012-ին ունենալով որպէս կէտնպատակ երաժշտութեան միջոցաւ համամիութենական հանդիպում մը իրագործել։
Այդ թուականէն սկսեալ ամէն տարի ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ կը կազմակերպուի համերգ մը։
2012-ին համերգը գործադրեց Քահանայապետական Երաժշտանոցի մատուռը եւ Անկլիգան Ուեսթմինսթերի երգչախումբը, 2013-ին` Lipsia-ի ThomanerChorը, 2014-ին Մոսկուայի օրթոտոքս պատրիարքութեան երգչախումբը։
29 Յունիս 2015-ին.ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու պատարագին, որ պիտի հանդիսապետէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, վերոյիշեալ երկու երգչախումբերը Սիկստինեան մատուռ`ղեկավարութեամբ Massimo Palombella-ի եւ Օքսֆորտի Նիւ Գոլլէժ` ղեկավարութեամբ Robert Quinney պիտի ապահովեն սուրբ արարողութեան երգեցողութիւնը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |