2015-06-26 10:38:00

Կարդինալ Թուրքսոնի զրոյցը Քահանայապետի շրջաբերական թուղթի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, ամփոփելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շրջաբերական թուղթը ըսաւ. ''Քահանայապետին շրջաբերական թուղթը իւրաքանչիւրիս կ’օգնէ դեր մը ու պատասխանատուութիւն մը ստանձնելու երկրագունդի փրկութեան ի խնդիր''։

Կարդինալը յոյս յայտնեց որ շրջաբերական թուղթը լաւ սերտուի ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ ընկերութեան մէջ։ Անիկա ուղղուած է բոլորին անխտիր։ Նիւթով դրական ու լայնածաւալ։ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ տաղանդաւոր մարդիկը իրենց ձիրքերը գործածելու ոչ անհատական բարիքի, շահի, այլ  աղքատին ու հասարակաց բարիքին ի սպաս։

Աստուած մարդկութեան շնորհեց աշխատանքը, որպէս կոչում։ Ամէն անհատ կանչուած է համագործակցելու Աստուծոյ հետ։ Մարդկութիւնը հետեւաբար պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը։ 

Շրջաբերական թուղթը - ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոն - ուղղուած է բոլորին, իւրաքանչիւրը իր կոչումին համաձայն կանչուած է սատարելու երկրագունդի փրկութեան։ Ամէն անհատ կանչուած է հարցադրելու իր ապրելակերպին մասին եւ ըլլալու համախոհ իր յոյսին` աշխարհի ապագայի նկատմամբ։ 

Յայտնենք որ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը մեծ դեր մը ունեցած է շրջաբերական թուղթի պատրաստութեան ու անոր սերտումի շրջագիծէն ներս։    








All the contents on this site are copyrighted ©.