2015-06-26 14:39:00

Դեսպան Մինասեան. ''Ներսէս Պետրոս ԺԹ. մեծ հայ, մեծ հայրենասէր եւ մեծ Հոգեւորական''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի Մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Միքայէլ Մինասեան, Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ուզեց  իր խոր ցաւն ու վիշտը արտայայտել ի լուր Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս – Պատրիարքի մահուան, յայտնելով թէ անոր մահով համայն հայ ազգը կորսնցուց հայրենասէր, ազնիւ ու տաղանդաւոր զաւակ մը, անգնահատելի նկատելով անոր դերը ըլլայ եկեղեցական ըլլայ հայրենասիրական գործունէութեան ներքոյ, ինչպէս նաեւ անոր հայանպաստ աշխատանքը որուն ականատես եղաւ ոչ միայն հայութիւնը այլեւ համայն աշխարհը։ 

Վստահ եմ, ըսաւ Դեսպան Մինասեան, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ միշտ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ որպէս մեծ հայ, մեծ հայրենասէր եւ որպէս մեծ Հոգեւորական։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.