2015-06-26 08:48:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Կրօնաւորին եւ քահանային սպառնացող վտանգներուն եւ անկումի պահերուն մասին սկսած էինք խօսիլ: Տեսանք թէ կղերանոցէն ելլող եւ աշխարհ ղրկուղ քահանային առաջին վտանգն է կորուստը այն բոլոր բարերար ազդեցութիւններուն, որոնք զինքը կը պատէին գուրգուրանքով ու զինքը կը պաշտպանէին: Արդարեւ քահանայութիւնը կը պահանջէ մեծ հոգի մը, որովհետեւ քահանան ինքն իր մէջ կը գտնէ խռովութեան ծանր պատճառներ եւ կարիքն ունի աչքերը չորս բանալու եւ զգոյշ ապրելու: Առաջին անգամ ըլլալով ինք մինակը պատասխանատու է իր անձին, եւ այս անկախութիւնը կը ճնշէ իր անփորձութեան վրայ: Առանձնութիւնը եւ անսահման ազատութիւնը կը նեղեն զինքը: Ասկէ վերջ իր կամքէն եւ իր ընտրութենէն կախուած են, իր ժամանակը, զբաղունքները, պարտականութիւնները, մինչեւ իսկ իր պատարագի ժամը եւ խոստովանանքի օրը: Նմանապէս իր այցելութիւնները, բարեկամներու հետ յարաբերութիւնները, զբոսանքները կանոնաւորուած են իր սեփական կամքէն:

                Թանկագին ազատութիւն մըն է, որ եթէ վեհանձնութեամբ գործածէ ոսկի կը փոխէ իր բոլոր գործերը եւ կեանքին բոլոր օրերը. իսկ եթէ պարապի վատնուի, զինքը կ՛առաջնորդեն հոգեկան աղքատութեան եւ վտանգներու: Անսահման ազատութեան դիմաց, կայ անթիւ փորձութիւններու շարք մը: Քիչեր միայն ինքնաբաւ կ՛ըլլան ու չեն փնտռեր մարդկային բարեկամութիւններ ու մարդկային համակրանք: Ընծայարանէն ելած քահանան ընկերութեան պէտք ունի եւ այդ ընկերութիւնը ինքը կը փնտռէ աշխարհի մարդոց մէջ: Եւ ինքը տակաւին չափազանց անփորձ է, իր յաճախած մարդոց բնաւորութիւնները ճանչնալու համար եւ չի գիտեր վարկը այդ ընտանիքներուն որ զինքը կը հրաւիրեն: Եւ տակաւին փորձառութիւնը չստացած յաճախ կապեր կը հաստատէ, որոնք յետագային պիտի չուզէր հաստատած ըլլալ եւ պիտի մերժէր շատ մը հրաւէրներ: Ժողովուրդը ջերմ եւ հիւրասէր է քահանային հանդէպ. կը խղճայ անոր միայնութեան վրայ ու կը սիրէ իր սեղանին կանչել զինքը: Եւ յաճախ ամենաընտիր ընտանիքներն են որ շրջահայեաց չեն իրեն հանդէպ եւ կը ցրուեն զինք իրենց հրաւէրներով: Ի՞նչպէս անփորձ քահանայ մը պիտի դիմանայ հրապուրիչ առիթներու, որոնք զինքը կը մղեն անկարգ, անհոգ ու ցրուած կեանքի մը: Իր քահանայական բոլոր կեանքը կրնայ կախում ունենալ այս սկսբնաւորութենէն. եւ երիտասարդ քահանան դեռ ժամանակ չէ ունեցած այս փորձառութիւնը ստանալու:

                Երկրորդ վտանգը քահանային կեանքին մէջ կու գայ տարիներու շարանէն, որ անցուցած է այս պաշտօնին մէջ: Իր բոլոր կորովով նետուեցաւ այս գործին մէջ, մղուած քահանայական կնիքի առատ շնորհքէն:

                Եւ եթէ իր քահանայութիւնը հաւատարմօրէն ու եռանդով գործածէր, ամէն օր աւելի պիտի փայլէր քահանայական կնիքը եւ իր սուրբ կեանքը. բայց դժբախտաբար յաճախ մաքուր ոսկին կը փոխուի  անարգ կապարի:

                Երիտասարդ քահանան շուտով կը կրէ շրջապատին ազդեցութիւնը ու կրնայ գտնուիլ իրմէ աւելի տարեց քահանաներու ընկերութեան մէջ, որոնք թէեւ բարի վարդապետներ են, բայց լայն ու դիւրին կեանքի սովորութիւններ ու վարժութիւններ ստացած են: Իր առաջին եռանդը կը պաղի եւ հին մարդը կը վերածնի իր մէջ: Կ՛ըլլայ երբեմնի մարդը եւ հին սովորութիւնները զինքը կը պաշարեն հակազդեցութեան զօրաւոր օրէնքով:

Շարունակելի








All the contents on this site are copyrighted ©.