2015-06-25 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ո՛չ շատախօս եւ քիչ ունկնդրող հովիներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մարդիկը գիտեն երբ Հովիւ մը ունի իրեն իշխանութիւն տուող հետեւողականութիւն մը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, որ կեդրոնացուց` Աւետարանի իսկական քարոզիչներու եւ ''կեղծ մարգարէներու'' միջեւ տարբերութեան վրայ։

''Բազմութիւնը կը հետեւի Յիսուսին որովհետեւ Ինք կ՛ուսուցանէ իշխանութիւն ունեցող անձի եւ ոչ թէ դպիրներու նման'' ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ժողովուրդը գիտէ երբ եպիսկոպոս մը, քահանայ մը, կրօնուսոյց մը կամ քրիստոնեայ մը ունի իրեն իշխանութիւն տուող հետեւողականութիւն մը''։

Շատեր կը խօսին եւ կը գործեն սակայն անոնց կը պակսի այլ հիմնական վերաբերմունք մը այն է ''ունկնդրել''։  Երեք հիմնական բարեր կան - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պըպ որ կը բացայայտեն իրականութիւնը` ''խօսիլ, գործել եւ ունկնդրել''։

Ասոր համար Յիսուս կ՛ըսէ ով որ իմ խօսքերս կ՛ունկնդրէ ու զանոնք կը գործադրէ կը նմանի իմաստուն մարդուն որ իր տունը կը կառուցէ ժայռի վրայ''։

''Միայն խօսիլ եւ գործելը բաւարար չէ'' շեշտեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''Ան որ կ՛ունկնդրէ խօսքերը եւ չի իւրացներ զանոնք ու կը թողու որ անցնին, առանց զանոնք ի գործ դնելու կը նմանի անոր որ աւազին վրայ կը կառուցէ իր տունը'' եւ տեղեակ ենք անոր արդիւնքէն։

Յիսուս – ըսաւ Սրբազան Հայրը – իր աշակերտները կը զգուշացնէ կեղծ մարգարէներէն ու կը տեղեկացնէ թէ ''անոնց պտուղներէն կը ճանչնաք զանոնք''­ այսինքն անոնց վարուելակերպէն` խօսքեր ու խօսքեր, մեծ գործեր սակայն իրենց սիրտը բաց չէ Աստուծոյ Խօսքին։

''Թէեւ լաւ բաներ կը կատարեն սակայն անոնց կը պակսի ժայռը։  Աստուծոյ սիրոյն ժայռը անոր Խօսքին ժայռը, առանց որուն անոնք չեն կրնար մարգարէանալ եւ չեն կրնար կառուցել'' ըսաւ Ֆրանչիսկս Պապը ու հրաւիրեց յիշել այդ երեք բարերը ''գործել, ունկնդրել եւ խօսիլ'' հաստատելով թէ ''եթէ մէկը միայն կը խօսի իսկական մարգարէ մը չէ, իսկական քրիստոնեայ մը չէ եւ ի վերջոյ պիտի քանդուի, իսկ այն որ գիտէ ունկնդրել ու այդ խօսքերուն վրայ հիմնուելով կը գործէ ան հաստատ կը մնայ'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց ժամանակակից մէկ անձնաւորութեան` Քալքութայի Մայր Թերեզային որ չէր խօսէր եւ լրութեան մէջ գիտէր ունկնդրել ու ապա գործել։ Ան եւ իր գործը փլուզումի չենթարկուեցան որովհետեւ Մեծերը գիտեն ունկնդրել ու անոնց գործն ու վստահութիւնը հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ ժայռին վրայ։

''Յիսուսի որ մեզի համար դարձաւ տկար մեզ զօրացնելու համար մեզի ընկերանայ ու մեզի սորվեցնէ ունկնդրել եւ գործել այդ բարերուն եւ ոչ թէ մեր սեփական բարերուն հիման վրայ'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.