2015-06-25 09:22:00

Ոչ եւս է Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքէջը ցաւով կը հաղորդէ թէ ''այսօր՝ 25 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 8:45-ին, Պէյրութի ժամով, Ժէիթաուի հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Նապիլ Խուրի տեղեկացուց թէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը վախճանեցաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Աղօթեցէ՛ք իր հոգւոյն համար: Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները պիտի հաղորդուին ի մօտոյ'':

Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը խոր յուզմունքով իր անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ԺԹ հայրապետին մահուան ի լուր եւ աղօթքով կը միանայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերին ու հաւատացեալներուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.