2015-06-25 11:09:00

Դպրոցներու համաշխարհային ցանցը արժանացաւ ՄԱԿի մանկական Հիմնադրամի մրցանակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն օրհնուած դպրոցներու համաշխարհային ցանցը, երեքշաբթի 23 յունիս 2015-ին, արժանացաւ ՄԱԿի մանկական ֆոնտի Սպանական կոմիտէի Moviliza մրցանակին, որ կը պարգեւատրուի այն ծրագիրներու կամ նախաձեռնութիւններու որ ունին որպէս կէտ նպատակ շահագրգռել հանրային կարծիքը ու անոնց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մանկութեան եւ կամ անոնց իրաւունքի մասին։  Մրցանակը դպրոցներու համաշխարհային ցանցին պարգեւատրուեցաւ որովհետեւ անոր ճանչցուեցաւ` յանձնառումը ու զօրաշարժը ուսումի իրաւունքի եւ երկրորդ` անոր նուիրումը հանդէպ այն նուազ հարուստ հասարակութիւններուն մանուկներու ու անոնց  դաստիարակութեան երաշխաւորումին։

Unicef-ի Մրցանակը յանձնուեցաւ ''Scholas Occurrentes'' ընդհանուր տնօրէն` José María del Corral-ին, Մատրիտին մէջ, Լեթիցիա թագուհիի ձեռքով։

Այս մրցանակը, ըսաւ նախագահը` խթան մըն է հանդիպումի մշակոյթի արժէքները յառաջացնելու եւ խաղաղութիւնը հաստատելու դաստիարակութեան միջոցաւ, այս հրամանը մեզի տրուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն։

José María del Corral ապա ընդգծեց.  աշխարհը բարեփոխելու համար հարկաւոր է սկսիլ դաստիարակութեան բարենորոգումով։ Ահա այս պատճառաւ ''Scholas'' ծրագիրը նման է առանց պարիսպի դասարանի մը, ուր աշխարհի բոլոր պատանիները իրարու կը հանդիպին ու միասնաբար կ’ապրին, ունենալով որպէս  կէտնպատակ խաղարար աշխարհ մը կերտել, ուր հանդիպումը կարելի է։

''Le Scholas''`  Moviliza մրցանակը ուզեցին կիսել, վաւերագրական բնոյթ ունեցող ‘’ընողը ես չեմ’’ կարճատեւ ֆիլմին հետ, արտադրուած Africanauan-էն։

Նշենք որ Scholas Occurrentes եւ Unicef երկար տարիներէ իրարու հետ կը համագործակցին։ Անցեալ տարի ստորագրուած է 5 տարուայ համաձայնագիր մը  աշխատելու աննպաստ պայմաններու մէջ գտնուող պատանիներուն ի սպաս թեխնիքական, մարզական եւ գեղարուեստական մարզերու զարգացման։ Դպրոցներու համաշխարհային ցանցը ծնունդ առաւ 2013-ին։ Այսօր այդ ցանցը ունի հանրային թէ առանձնական 400 հազար կրթական կեդրոններ երկրագունդի 5 ցամաքամասերու 71 երկիրներու մէջ։ Միմիայն Սպանիայի մէջ, աւելի քան 80 դպրոցներ, այդ ցանցին յարած են։  








All the contents on this site are copyrighted ©.