2015-06-24 13:23:00

ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը ուղղուած է հաւատացեալին եւ ոչ հաւատացեալին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Պապին ''Laudato Si'' շրջաբերական թուղթը ուղղուած է  ոչ միայն  քրիստոնեաներուն, այլ` բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց'', յայտարարած է կարդինալ  Թակլէ  միջազգային Քարիթասի նորընտիր նախագահը, հրաւիրելով Ֆիլիփինեան կղզեխումբի  ընկերութեան բոլոր դասակարգերը  սերտելու Սրբազան Հօր բնապահպանութեան շրջաբերական թուղթը։

Կարդինալ Թակլէ մասնաւորապէս կը հրաւիրէ կղերը` կլոր սեղան կազմակերպելու­, ներթափանցելու համար բնապահպանութեան պատգամը ու անոր ներկայացուցած առաջարկները։ 

Արարիչ Աստուած տէրն է արարչագործութեան եւ մարդը կանչուած է համագործակցելու եւ հաւասարապէս բաշխելու երկրի բարիքները։ 

Բնապահպանութեան պաշտպանութիւնը, կը գրէ կարդինալը իր պատգամին մէջ,  պէտք չէ միմիայն հետաքրքրել գիտնականներն ու մասնագէտները, այլ ամէնքս կանչուած ենք աս ուղղութեամբ մեր նպաստը բերելու։ Մեր Տէրը ստեղծեց բնութիւնը  եւ մենք որպէս Աստուծոյ զաւակներ` կանչուած ենք հոգ տանելու անոր։ 

Կարդինալը հուսկ կը խնդրէ սերտել շրջաբերական թուղթը ժողովրդապետութիւններուն մէջ, ընդանեկան յարկէն ներս եւ դպրոցներուն մէջ  դրականօրէն գործադրելու Սրբազան Քահանայապետին առաջարկներն ու ցուցմունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.