2015-06-24 10:28:00

Փաքիստանի մէջ չափազանց տաք եղանակին պատճառով 474 մարդ մահացած է


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ հարաւային Փաքիստանի մէջ աննախադէպ տաք եղանակին պատճառով զոհերու թիւը բարձրացած է 474-ի:

Տեղւոյն առողջապահութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Սայիտ Նակնեճօ յայտարարած է, որ շուրջ 300 մարդ մահացած է Քարաչիի չորս մեծագոյն հիւանդանոցներուն մէջ: Տեղւոյն իշխանութիւններուն տուեալներով` անոնց մեծամասնութիւնը 50 տարեկանէն մեծ է:

Քարաչի քաղաքին մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած է 47-ի: Կը նշուի, որ երկուշաբթի տեղացած անձրեւը մասամբ մեղմացուցած է կացութիւնը:

Բժիշկները բնակիչներուն խորհուրդ կու տան հեռու մնալ արեւու ուղիղ ճառագայթներէն եւ կրել թեթեւ հագուստ:








All the contents on this site are copyrighted ©.