2015-06-24 09:16:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Անկախութիւն եւ ազատութիւն եզրերը կեանքի ամէնէն հարազատ երեւոյթին առնչուած են: Յատկապէս այսօրուան աշխարհը դէպի անհատականութիւն ուղղուածութիւն ունի: Սեփական կարծիքը, անձնական հանգիստը, ինքնանկախ ապրելակերպը, ինքնիշխան որոշումները եւ անձին տեսակէտը առաջնահերթ կը համարուին իւրաքանչիւր անձի համար, ինչքան ալ փորձենք ուրիշներուն տեսակէտներուն կամ կարծիքին ականջ տալ:
«privacy»-ն  որ յաճախ կը գործածուի օտար լեզուներու մէջ մենք հայերէնով կրնանք թարգմանել «Հանգիստ ազատութիւն» կամ «անկախութիւն»  :
Ընկերային տարբեր խաւերու մէջ կը հանդիպինք այս «հանգիստ ազատութիւն» հասկացողութեան տարբեր աստիճանաւորումներուն: Բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու, դերասաններու կամ ականաւոր անձնաւորութիւններու սեփական բնակարանները երբեմն յատուկ ճամբաներով կը բաժնուին սովորական թաղամասերէ, որոնց մուտքին դրուած «սեփական» ցուցանակը կ՛արգիլէ անծանօթներու մուտքը այդ փողոցը:
Նոյն «հանգիստ ազատութիւն» գաղափարէն վարակուած, սովորական քաղաքացիներ նոյնը կ՝ընեն իրենց հաղորդակցութիւնը ամբողջութեամբ խզելով առօրեային հետ, փակելով իրենց անձնական հեռախօսները, նոյնիսկ գործակիցներու հեռաձայններուն դիմաց:
Մարդիկ ամբողջովին չեն կրնար անկախանալ: Անոնք չե՛ն կրնար անկախանալ իրարմէ: Ո՛չ թէ անպայման յատուկ համաձայնութիւն կնքած ըլլալու բերումով, ինչպէս ամուսնութեան ուխտ կամ որեւէ դաշինք, այլ՝ որովհետեւ մա՛րդ են: Սա կարեւոր հաստատում մըն է, որովհետեւ մարդկային ընկերութիւնը մարդ անհատներէ կազմուած է եւ ո՛չ թէ մէկ հատ մարդէ: Անկախութեան կամ ազատութեան անհատական սահմաններ գոյութիւն ունին: Իւրաքանչիւր անձ կը պահանջէ, որ ուրիշներ յարգեն իր ազատութիւնը: Անշուշտ երբեմն մարդ կը մոռնայ, որ ի՛նք ալ պէտք է յարգէ ուրիշներուն ազատութիւնը: Ազատութիւն բառը ինքնին անսահմանափակելի կը թուի, սակայն ամէնէն աւելի նեղ սահմանագծումները ունի: Ամէնէն խիստ օրէնքներով կը հաստատուին քաղաքացիական ազատութեան օրէնքները յատկապէս քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ: Կը բաւէ միայն օրէնքի խախտում մը կատարել, եւ պիտի տեսնէք թէ ինչքան խիստ են ազատութեան կանոնները…
Նոյնն է մարդկային կեանքի բարոյական սահմաններու պարագան: Ամէն մարդ ունի իրեն յատուկ ազատութիւն կամ անկախութիւն մը, որուն սահմանները բացայայտ չեն երեւիր: Սակայն ամէն մարդ ալ գիտէ, թէ իւրաքանչիւր մարդու բարոյական սահմանները ինչքա՛ն թոյլատու են ուրիշի բարոյական կեանքին միջամուխ ըլլալու համար:
Ազգեր, ժողովուրդներ ու ազգային համայնքներ, եթէ նոյնիսկ օտարութեան մէջ են, հեռու իրենց հայրենիքէն, սեփական ներքին ազատութեան համար անընդհատ բանակցութիւններ կը վարեն տեղական իշխանութիւններուն հետ: Այս իմաստով ըմբռնուած ազատութիւնը կ՛ընդգրկէ լեզուական, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային ազատութեան սկզբունքներ, որոնք իւրաքանչիւր ազգի հաւաքական կեանքին մէջ կը կազմաւորուին, համաձայն անոր ցեղային իւրայատկութեան:
Անկախութիւնը երկրի մը համար, ինքնորոշման գերագոյն իրաւունքով, անփոխարինելի գանձ է, պահուած տուեալ ազգի արժանապատւութեան անկողոպտելի գանձարկղին մէջ: Երանի՜ այն ազգին որ ունի՛ այդ գանձը, եւ երանի՜ մանաւանդ անոր՝ որ կարողութիւնը ունի պահպանելու այդ հարստութիւնը, անքուն հսկելով անոր ապահովութեան համար:
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ մարդ անհատի սեփական ազատութեան համար, որովհետեւ մարդ էակը իր անկախութիւնը եւ ազատութիւնը ունենալով, քիչ մը աւելի՛ մարդ կը նկատուի, իր առած սեփական որոշումներով յարգուած բոլորէն ու մանաւանդ, իր վայելած «հանգիստ ազատութեամբ» հոգեպէս երջանիկ…

 








All the contents on this site are copyrighted ©.