2015-06-24 10:57:00

Կարդինալ Փարոլին. ''Կրօնական ազատութիւնը ի սպաս հասարակաց տան կերտումին''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ս. Աթոռի դիւանագիտութիւնը կրօնական ազատութեան յառաջացումը կը  նկատէ միջազգային յանձնառումներուն առաջնահերթութիւններէն մին'' ըսաւ կարդինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, խօսք առնելով իտալական ծերակոյտին առջեւ, Հելսինքիի դաշնագրին ստորագրութեան 40-րդ տարեդարձին առթիւ։ 
Այսօր եւս կրօնական ազատութիւնը ոչ միայն սպառնալիքի ենթարկուած է մենատէր պետութիւններէն, այլ եւ այն պետութիւններու մէջ որոնք թէեւ իրենց զիրենք չէզոք կը հռչակեն, սակայն իրականութեան մէջ արգելք կը հանդիսանան որեւէ կրօնական արտայայտութեան`  հրապարակային կեանքէն ներս։ 
Ս. Աթոռը, ըսաւ կարդինալ Փարոլին անդադար կը յիշեցնէ միջազգային հասարակութեան, հարկաւորութիւնը պայքարելու քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած անհանդուրժողութեան եւ խտրականութեան, ընդգծելով որ կրօնական ազատութիւնը ու մարդկային իրաւունքը հիմը կը կազմեն Եւրոպայի խաղաղութեան ու կայունութեան։ 
Ուստի Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը շեշտը  դրաւ գաղթականներու ''հիմնական իրաւունքներու'' մասին։ Հելսինքիի դաշնագրին ստորագրութեան 40-րդ տարեդարձին վերակոչումը բարեպատեհ առիթ մըն է պաշտպանելու մեր հասարակաց տունը ու գործելու եւ  պահպանելու, անխտիր, բոլոր  քաղաքացիներու հասարակաց բարիքը - ըսաւ Կարդինալ Փարոլին որ ապա իր միջամտութիւնը եզրափակեց մէջբերելով` սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 1989-ին  ֆինլանտայի կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած մէկ խօսքը. ‘’Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեր կողքն է իրականացնելու Հելսինքիի դաշնագիրը, որ միլիոնաւոր եւրոպացիներուն համար  լոկ վաւերաթուղթ մը չէ այլ յոյսի ներգործութիւն մը''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.