2015-06-24 11:27:00

''Երկխօսութինը պէտք է որ շարունակուի'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Օլավ Թուէյթին։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Երկխօսութիւնը  պէտք է որ շարունակուի'',  այս եղաւ Ֆրանչիսկսո Քահանայապետին, երեքշաբթի, 23 յունիսին, Եկեղեցիներիւն համամիութենական շարժումի  խորդհուրդի քարտուղար՝  վերապատուելի Օլավ Ֆիքս  Թութէյթի  յղած պատգգամին  կեդրոնական նիւթը, Կաթողիկէ եւ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի  աշխատանքային խառն յանձնախումբին հիմնադրութեան  50 ամեակի առթիւ։

Ֆրանչիկսոս Պապին պատգամը կարդացուեցաւ, ''Քրիստոնեաներու միութեան  Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քիւրթ Քոխի կողմէ, Հռոմի մէջ կայացած եկեղեցիներու միութեան հայող համագումարի ընթացքին։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց,  առկայ՝  համամիութենական յարաբերութիւններուն արձանագրած յառաջադիմութիւնները, ինչպէս նաեւ այս տարիներու ընթացքին՝ յաջողութիւն  գտած կէտնպատակները՝  ներշնչուած Քրիստոսի` միութեան բաղձանքէն։

 

Նորին Սրբութիւնը եկեղեցիներուն համամիութենական  խառն յանձնախումբէն խնդրեց  ''ինքնաճանաչողական հաւաք'' ըլլալէ անդին  դառնալ ''գաղափարներու  շօշափելի դարբնոց'' մը , որ բաց ըլլայ համայն հնարաւորութիւններուն եւ  Եկեղեցւոյ առաքելութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, առաջնորդելու համար   տառապող մարդկութիւնը , եւ  համատարածելով ընկերութեան եւ մշակութային աշխարհին մէջ Աւետարանի արժանիքներն ու Ճշմարտութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ, յիշեցնելով եկեղեցւոյ բաժանումներէն  յառաջացած տառապանքները. հրաւիրեց յանձնախումբը, համամիութեան հայող կարեւորագոյն նիւթերը զարգացնել ու ձեւաւորել՝,  վկայելու համար  իսկական՝ թէպէտ ոչ կատարեալ հաղորդութիւնը բոլոր մկրտուածներուն միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի աւարտին մաղթանք յայտնեց , բոլոր քրիստոնեաներուն միջեւ  տեսանելի ամբողջական միութեան , որպէսզի՝    Եկեղեցին աշխարհին մէջ­  միշտ կարողանայ  աւելի  մեծ յոյսի նշան ըլլալ եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան գործիք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.