2015-06-23 10:59:00

Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբապատկերը պիտի շրջի տարբեր եկեղեցիներ


Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 23 ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, օծուեցաւ սուրբ նահատակներու պատկերը: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ նահատակաց սրբապատկերը հաւատացեալ ժողովուրդին խոնարհումի եւ աղօթքի համար զետեղուած է Մայր տաճարին մէջ:

Ըստ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին, յառաջիկայ ամիս սրբապատկերը պիտի փոխադրուի Մայր աթոռի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցի, օգոստոսին սրբապատկերը պիտի փոխադրուի Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցի, ապա` Հայ եկեղեցւոյ հայաստանեան թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.