2015-06-23 09:25:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիկսոս Պապին Իտալիոյ տարածքին 6-րդ Հովուական այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 21 եւ 22 յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն մը կատարեց Թորինօ քաղաքին` Յիսուսի Վարշամակի հանրային ցուցադրութեան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի ծննդեան 200-րդ տարեդարձին առիթներով։

Հովուական այցելութիւնը վերջ գտաւ երկուշաբթի 22 յունիսի երեկոյեան։

Յայտնենք թէ Թորինոյի այս այցելութիւնը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իտալիոյ տարածքին կատարած 6-րդը։ Նորին Սրբութիւնը իր առաջին այցելութիւնը կատարած էր Լամփետուզա` 2013-ի յուլիսին, ապա նոյն տարուայ սեպտեմբերին այցելած էր Քալիարին հուսկ հոկտեմբերին Ասսիզիի Սրբավայրը։ 2014-ին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելած էր Իտալիոյ Մոլիզէ Մարզը հուսկ 2015-ի մարտին Նափոլին ու Փոմփէյի մարեմեան սրբավայրը։

Թորինօ կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ բանուորական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ շեշտեց աշխատանքի կարեւորութիւնը որ կը նպաստէ անձին արժանապատուութեան։ ''Աշխատանքը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը -  անհրաժեշտ չէ միայն տնտեսական աշխարհին այլ մարդ արարածին համար, անոր արժանապատուութեան ու անոր քաղաքացիութեան եւ անոր ընկերային ներառումին համար''։

Ան ապա տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութեան աճումին ի տես  հրաւիրեց վերահաստատել ''Ոչ''ը մնացորդացի տնտեսութեան որ ''կը բացառէ մանուկները, ծերունիները եւ այժմ նաեւ երիտասարդները, որոնց 40 առ հարիւրը անգործ են''։

''Կանչուած ենք ոչ ըսելու դրամապաշտութեան. Ոչ ըսելու կաշառակերութեան. Ոչ Մաֆիական ներմուծումներուն. Ոչ խարդախութիւններուն. Միայն մեր ուժերը միացնելով է որ կարող ենք ոչ ըսել անօրինականութեան որ բռնութիւն կը յառաջացնէ'', ըսաւ Սրբազան Պապը, ընդգծելով թէ ''Այս իրողութիւնը չի հայիր լոկ Թորինոյին կամ Իտալիոյ այլ ընդհանրական հարց մըն է, ու կը պահանջէ տնտեսական նոր կարգավիճակ մը, հիմնուած ոչ թէ դրամագլուխի այլ հասարակաց բարիքին վրայ''։

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց ապա Թորինոյի Վարշամակը ու պատարագ մատոյց քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ ու այդ առթիւ արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց թէ ''Աստուծոյ սէրը` հաւատարիմ սէր է, վերստեղծող եւ մնայուն ու ստոյգ սէր է''։
''Անոր սէրը ցմիշտ է'' Անոր սէրը յուսախաբ չի թողուր Աստուծոյ սէրը կայուն է ու ապահով – ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Մինչ կէսօրին սիրոյ ճաշը բաժնեկցեց բանտարկեալներուն, աղքատներուն եւ գնչու մէկ ընտանիքի մը հետ. Ապա հանդիպում ունեցաւ Սալեզեան միաբանութեան անդամներուն հետ անոնց յորդորելով հետեւիլ իրենց հիմնադիրի օրինակին ու դուրս ելլել եւ ընթանալ դէպի երիտասարդները ու հոգալ անոնց կարիքներուն։ Սրբազան Հայրը ապա այցելեց Քոթթոլենկոյի հիւանդներն ու անկարները ու արտասանած ճառին մէջ մատնանշեց թէ ''Աղքատներու անտեսումը  ու բուժուելու կարիք ունեցող հիւանդներուն մերժումը, երեւոյթ մըն է , որ դժբախտաբար կը յայտնաբերուի ժամանակակից աշխարհին մէջ եւս''  ընդգծելով թէ ''Սոյն մնացորդացի մշակոյթի զոհերն են յատկապէս երէցները''։

Նորին Սրբութիւնը ապա հիւանդներուն ապահովեցուց թէ ''եկեղեցւոյ թանկագին անդամներն են, դուք՝ Խաչեցեալ Քրիստոսի մարմինն են, որուն պատիւը ունինք, սիրով դպչելու ու ծառայելու։ ''Յիսուսի շնորհքով  - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - դուք կարող էք վկաներն ու առաքեալներն հանդիսանալ ՝ Աստուծոյ ողորմութեան,  որ կը փրկէ աշխարհը''։   

Երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին օրուան յայտագիրը եզրափակեց երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով որուն ընթացքին խրախուսեց զանոնք յառաջ ընթանալու` հակահոսանք ընթանալու. հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն եւ վստահելու Յիսուսին ու օրինակ առնելու Թորինօ Քաղաքի սուրբերէն։ Այս Առթիւ Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ աշխարհի Մեծերուն որոնք յաճախ անտարբեր կը մնան բռնութիւններուն դիմաց ինչպէս պատահած է Հայ ազգին 20-րդ դարու սկիզբը, երբ միլիոնաւոր անհատներ կը զոհուէին եւ գերատեսչութիւնները իրենց աչքերը սեւեռած էին այլուր։ 

Հովուական այցելութեան երկրորդ օրը Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Վալտեզ աւետարանական Եկեղեցի մը ու հաւատացեալներուն հետ հանդիպման ընթացքին ներողութիւն խնդրեց անցեալին անոնց դէմ գործադրուած հալածանքներուն։ Յանուն Յիսուս Քրիստոսի ներողութիւն կը խնդրեմ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Ապա իր այս հովուական այցելութիւնը եզրափակեց հանդիպում ունենալով իր զարմիկներուն հետ, տրուած ըլլալով որ Ֆրանչիսկոս Պապը բնիկ իտալացի է`
Փիեմոնթէ Մարզի Ասդի քաղաքէն։

Երկուշաբթի 22 յունիսի երեկոյեան  Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.