2015-06-23 11:59:00

Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ “Հաւատարմութեան շատրուան”ի բացման արարողութիւնը


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական տարուայ փակումը նշանաւորուեցաւ միեւնոյն օրը կայացած զոյգ ձեռնարկներով:

Ընդառաջելով վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, 19 Յունիս 2015-ի երեկոյեան Մեսրոպեանի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ պատուեցին արդէն աւանդական դարձած դպրոցի կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին ի նպաստ բարեսիրական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակին մէջ: Նախքան ճաշկերոյթը, հրաւիրեալները մասնակցեցան դպրոցի գլխաւոր բակին մէջ “Հաւատարմութեան շատրուան”ի բացումին:

Ձեռնարկներուն ներկայ եղան Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեան, Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, Զմմառու միաբանութեան վարչութեան մեծաւոր Գեր. Հ. Գաբրիէլ  թ.ծ. վրդ. Մուրատեան, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գեր. Հ. Գէորգ ծ.վրդ. Եղիայեան, պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մըսըրլեան, Քարիթաս –Լիբանան ընկերութեան նախագահ Հայր Փօլ Գարամ , հոգեւորականներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկները կայացան հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ Մեսրոպեանի բարերար պրն. Վարուժ Ներկիզեանի:

“Հաւատարմութեան շատրուան”ի բացումին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ սոյն շատրուանով, Մեսրոպեանի շէնքային պատկերը նոր յատկանիշով մը կը հարստանայ: Շատրուանը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. անոր կեդրոնը ամրացուած է Մեսրոպեան վարժարանի առաջին ցուցանակը, 1939 թուականէն: Անիկա նուէրն է վարժարանի բարեկամ ու բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեանին: “Շատրուանը խորհրդանիշ է հաւատարմութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակին, ինչպէս նաեւ  Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադիր հայրերու ազգային, հոգեւոր եւ կրթական տեսլականին”, ըսաւ Կ. Գալուստ:

Ճաշկերոյթի բացումին, պրն . Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ  կրթական հաստատութեան մը համար ոգեւորութեան մեծ աղբիւր է բարեկամներու նիւթական եւ բարոյական նեցուկն ու անոնց ներկայութիւնը՝ դժուարութիւններու  եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Այս առիթով, ան երախտագիտութիւն արտայայտեց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ Մեսրոպեանին կը նայի  ամենօրեայ հոգածութեամբ, շնորհելով ամենայն քաջալերանք եւ զօրակցութիւն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ընթրիքի նախագահ պարոն Վարուժ Ներկիզեանին եւ իւրաքանչիւրին, որ կու գայ նեցուկ դառնալու “կարիքաւոր ընտանիքի մը՝ շնորհալի զաւակ մը բարձր ուսման հասցնելու իր ճիգին ու տառապանքին մէջ”:

Ընթրիքի նախագահ պարոն Վարուժ Ներկիզեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց կրթութեան պայմաններու զարգացման համար Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կատարուած աշխատանքները: Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեսրոպեանին նեցուկ կանգնիլը իր անձնական ընտրանքն է ու որոշումը, եւ անիկա հիմնուած է այն համոզումին վրայ, որ վարժարանը հետեւողականօրէն կը գործադրէ կրթութեան զարգացման ծրագիրներ ի նպաստ լիբանանահայ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան:

Գեղեցկօրէն զարդարուած շրջափակին մէջ կայացած ճաշկերոյթին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. նախկին մեսրոպեանական աշակերտներ Մարինէ եւ Սագօ Հալաճեաններ (ջութակ, դաշնամուր) եւ Գէորգ Քեշիշեան (տուտուկ, սրինգ)  կատարեցին նուագներ, մինչ երգիչ Սարօ ներկայացուց հայկական եւ եւրոպական երգերու փունջ մը: Ընթրիքի հանդիսավարն էր Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամ տիկին Անի Խալիլ:

Ճաշկերոյթին առիթով, ներկաները ընդհանուրը 109 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեսրոպեան վարժարանի “Սան մը որդեգրէ” ծրագրին: Հիւրերու նուիրուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակը եզրափակող հրատարակութիւնը, “Երթը Կը Շարունակուի” խորագրով:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.