2015-06-23 12:42:00

Արժանթինահայ համայնքը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին


Յունիսի 24ին, Պուէնոս Այրէսի Մայր տաճարին մէջ, Արժանթինի համայնքին կողմէ կազմակերպուած է երախտագիտական հանդիութիւնը ի պատիւ Ֆրանիչկոս Պապին  Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային Ճանաչման  Անոր վճռորոշ աջակցութեան համար։ Հանդիոութիւնը պիտի նախագահէ Պուէնոս Այրեսի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մարիօ Փոլի մասնակցութեամբ արժանթինահայ համայնքի կրօնական առաջնորդներուն։ Այս առընչութեամբ  Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած արժանթինահայ համայնքի նամակին մէջ գրուած է.

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսին, Պատիւն  ունինք դիմելու Նորին Սրբութեանդ` Արժանթին բնակող հայ համայնքին անունով,  20րդ դարուն տեղի ունեցած առաջին ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին այս յուզումնառատ եւ հայրենասիրական եռանդով լեցուն տարուան ընթացքին:

Հայր Սուրբ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեր զօրակցութեան եւ այս ցաւալի  տարելիցին մեր սրտերը ուրախացնելուն համար: Շնորհակալութիւն Ձեր ձայնը բարձրացնելու համար` որպէս աջակցութիւն այս փոքր, սակայն արժէքաւոր ժողովուրդին, որ դարերու ընթացքին` հաւատարիմ  մնացած է  իր հաւատքին. խոշտանգուած եւ հալածուած է, սակայն  վերածնած է մոխիրէն»:

Յիշեցնենք որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջազգային ոգեկոչման առթիւ` ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետը  Վատիկանի  Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ` պատարագ մատուցանեց,  որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ հայ ժողովուրդին  տառապանքները բնութագրեց որպէս «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն«։








All the contents on this site are copyrighted ©.