2015-06-22 11:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Թորինոյի Վալտէզ հաւատացեալներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 22 յունիս 2015-ին, Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9-ին այցելեց ''Վալտեզ'' եկեղեցւոյ աղօթատեղին ու հասարակութիւնը հանդիսանալով առաջին քահանայապետը որ կ՛այցելէ ու հանդիպում կ՛ունենայ քրիստոնեայ աւետարանական եկեղեցւոյ սոյն հաւատացեալներուն հետ։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Վալտեզ Եկեղեցւոյ երեք հովիւներ հուսկ տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում Վալտեզ եկեղեցւոյ մէջ ուր բարրի գալուստի խօսք արտասանեցին  Ռիպէ եւ Պենրատինի հովիւները ու ապա խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ իր արտասանած ճառին սկիզբը, մէջբերեց Պօղոս Առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած Ա. թուղթէն համար մէկը` . ՝՝Դուք որ հաղորդութեան մէջ էք Հօր Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ  Յիսուս Քրիստոսի,  Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն'' ապա յարեց ՝՝Եկեղեցւոյ համամիութենական  աշխատանքներէն յայտնաբերուած  կարեւորագոյն պտուղն է  եղբայրակցութեան վերագտնումը,  որ կը միացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Անունով մկրտուած են։

Սոյն կապը չէ հիմնուած պարզապէս մարդկային չափանիշերու վրայ, այլ քրիստոնեայ կեանքին արմատական բաժնեկցութեան փորձառութեան վրայ, որ է ''հանդիպում  Աստուծոյ Սիրոյ, որ  մեզի կը յայտնուի Յիսուսի Քրիստոսի մէջ եւ Սուրբ Հոգիին կերպանափոխիչ ներգործութեան մէջ,  եւ  մեզ կ՝առաջնորդէ մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացին։

Միութիւնը՝ որ է Սուրբ Հոգիին պտուղը, չի նշանակեր միակերպութիւն։ Նոր կտակարանին մէջ բացայայտ է, թէ  հակառակ  որ՝ բոլոր անոնք  որոնք կը բաժնեկցէին միեւնոյն հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ՝   եղբայրներ կոչուած են, բայց  կը հասկցուի թէ ՝ ոչ բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւնները ունէին միեիւնոյն կեանքի վարուելակերպ, ոչ ալ նմանակերպ ներքին կազմակերպութիւն։ ։  

Դժբախտաբար՝ պատահեցաւ եւ դեռ կը շարունակուի պատահիլ, որ տակաւին կան  եղբայրներ, որոնք չեն ընդունիր իրենց  տարբերութիւնները ու կը դիմեն հակամարտութիւններու։  

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ , ներողութիւն կը խնդրեմ,  պատմութեան մէջ  այն բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որոնք ձեզի դէմ  ունեցած են հակառակ կեցուացքներ եւ վարուելակերպեր։ Յիսուսի Քրիստոսի անունով ներեցէք մեզի՝  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա՝  գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ,  Կաթողիկէներու եւ Վալտէզներու  միջեւ  ներկայի յարաբերութիւններուն համար, որ միշտ աւելի հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրական սիրոյ կապերու վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա՝ Կաթողիկէներու եւ Վալտէզներու միջեւ համագործակցութեան  մի քանի օրինակներ մէջբերելով, որոնց շարքին Սուրբ Գիրքի  միջ-թաւանային  թարգմանութեան համագործակցութիւնըւ նշեց այլ   միջավայրը մը, ուր կարելի է լայնօրէն համակագործակցիլ, այն է՝ Աւետարանացումը,  Ինչպէս նաեւ ծառայութիւն մատուցանել  տառապող մարդկութեան՝ աղքատներուն, հիւանդներուն, գաղթականներուն։

Կաթողիկէներու եւ Վալտէզներու միջեւ գոյացած գլխաւոր մարդաբանական եւ բարոյական հարցերու տարբերութիւնները չեն արգելակել համագործակցութեան տարբեր ձեւերու դիմելու։ Եթէ՝ միասին ընթանանք , Տէրը պիտի օգնէ մեզի ապրելու այն հաղորդութիւնը որ կը կանխէ իւրաքանչիւր հակասութիւն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով տրուած պատեհ առիթին համար եւ մաղթանք յայտնեց, որ սոյն հանդիպումը վերահաստատէ` նոր ձեւով մը  մէկը միւսին հետ գտնուելու, հայեցաքը ուղղելով գլխաւորաբար մեր հաւատքին մեծութեան եւ  մեր` Քրիսոտի եւ Սուրբ հոգիին մէջ ապրումին ու ապա նայիլ մեր միջեւ գտնուող տարբերութիւններուն։  ։








All the contents on this site are copyrighted ©.