2015-06-21 16:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սալեզեան Միաբանութեան անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 21 յունիսի յետմիջօրէին, Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը`  Թորինոյի Օգնական Տիրամօր Պազիլիքային մէջ հանդիպում ունեցաւ` Սալեզեան եւ Օգնական Տիրամօր դուստրեր միաբանութիւններու անդամներուն հետ։

Հանդիպման վայրը ժամանելուն, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ժողովրդապետութեան երիտասարդները, ապա խօսք առին Սալեզեաններու աւագ Ռէկտոր` Հայր Ֆերնանտէզ Արթիմէ եւ Օգնական Տիրամօր դուստրեր միաբանութեան մեծաւորուհին` Մայր Իվոն Ռէունկոթը։ Հուսկ խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  ու մեկդի դնելով գրաւոր ճառը խօսեցաւ Արժանթինի մէջ Սալեզեան միաբանութեան հետ ունեցած իր փորձառութեան մասին, ակնարկելով թէ իր ծնողքին սուրբ պսակի արարողութիւնը կատարած է Սալեզեան քահանայ մը որ ապա զինք մկրտած է եւ եղած է իր հոգեւոր առաջնորդը մինչեւ իր մուտքը եւ անդամակցութիւնը Յիսուսեան Միաբանութեան։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ ինչպէս այդ հանդիպումը իրեն վրայ ունեցած է յատուկ ազդեցութիւն ինչպէս նաեւ այնտեղ է որ կապի մէջ մտած Սուրբ Պոսքոյի հիմնած միաբանութեան խարիզմի հետ, ու վեր առաւ միաբանութեան ու յատկապէս  անոր հիմնադիրի գործունէութիւնը ի սպաս երիտասարդներուն ու աղքատներուն, ակնարկելով իտալիոյ երիտասարդներուն որոնց 40 առ հարիւրը գործազուրկ է։

Դուք – ըսաւ Քահանայապետը - ունիք Տոն Պոսոքյի միեւնոյն մարտահրաւէրը, գուրգուրալ ու խնամել այդ պատանիները։ Տոն Պոսքոն իր առաքելութիւնը կը կատարէր մարզանքի ու դաստիարակութեան միջոցաւ, ինչպէս նաեւ անոնց սորվեցնելով ''արհեստներ'' որ աշխատանքի ասպարէզներ կը բանայ։

Սալեզեան ստեղծագործութիւնը իր վրայ առնելու է դաստիարակութեան այս մարտահրաւէրը, Սալեզեան ուրախութեան հետ միասին,  որ յատկանշէ միաբանութիւնը - ըսաւ 

Սրբազան Հայրը գործնական օրինակներ ներկայացնելով Սալեզեան միաբաններու առաքելութեան մասին ու մատնանշելով ''ճգնաժամային'' շրջանին եւ Տոն Պոսոքյի երեք սէրերուն` Սէր Աստուածամօր, Սուրբ Հաղորդութեան, Եկեղեցի  եւ Քահանայապետի հանդէպ։  Տոն Պոսքոյի առաջին սէրը եղաւ Տիրամայրը, երկրորդը Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ երրորդը Եկեղեցին ու Քահանայապետը  - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – շեշտը դնելով Մայրութեան կարեւորութեան վրայ ու կնոջ դերակատարութեան`  Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
''Առաքեալները առանց Տիրամօր չէին կրնար յառաջ ընթանալ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով ներկաները չամչնալ խօսելու Աստուածամօր մասին, ու Մայր Եկեղեցւոյ մասին ու վստահիլ, Տոն Պոսքոյի նման, Աստուծոյ վրայ, հուսկ  խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, Սալեզեան միաբանութեան հետ ունեցած իր փորձառութեան որ մեծապէս զինք օգնած է իր մարդկային կազմաւորումի ծիրէն ներս, ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց միսիոնարականութեան եւ եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութեան հանդիպումը եզրափակելով Օգնական Տիրամօր աղօթելով Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։

 

Մինչ այս առթիւ  պատրաստուած գրաւոր ճարին մէջ որ յանձնեց միաբանութեան մեծաւորին, Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց իր հովուական ուխտագնացութեան որ նուիրուած է ''Յիսուսի Վարշամակի ջերմեռանդութեան'' եւ Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի ծննդեան երկրորդ հարիւրամեակի տօնախմբութեան։ 

Սրբազան հայրը ապա խօսեցաւ Տոն Պոսքոյի երեք յատկութիւններու մասին` վստահութիւն Աստուածային Նախախնամութեան, կոչումը` ըլլալու երիտասարդներու ու յատկապէս աղքատներու քահանայ եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս գործունեայ ու հաւատարիմ ծառայութիւնը։

Ան – ըսաւ Սրբազան Հայրը իր քահանայական առաքելութիւնը կատարեց մինչեւ վերջին վայրկեան, ունենալով Աստուծոյ ու անոր սիրոյն վրայ անխորտակելի վստահութիւն, որ կը կազմէ նուիրեալ կեանքի  էութիւնը։ Երկրորդ յատկութիւնը կը հայի երիտասարդներու ի սպաս ծառայութեան­, հիմնուած  ''առաջքը առնող համակարգին'' վրայ որուն նպատակը եղած է երիտասարդներու փրկութիւնը։ Տոն Պոնսոքն եղաւ ապա հլու Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին, հետեւեալով անոնց թելադրանքներուն եւ հովուական ուղեցոյցին։

Այսօր` ըսաւ Սրբազան Հայրը, Եկեղեցին կը դիմէ ձեզի` Այս մեծ Սուրբին հոգեւոր զաւակներուդ ու գործնականօրէն կը հրաւիրէ ձեզ դուրս ելլելու եւ դարձեալ ընթանալու դէպի երիտասարդները այնտեղ ուր անոնք կ՛ապրին, մեծ քաղաքներու արուարձաններուն մէջ, ֆիզիքական եւ բարոյական վտանգի տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ընկերային ոլորտներուն մէջ ուր կը պակսի նիւթականը ու յատկապէս սէրը, հասկացողութիւնը, քնքշութիւնը եւ յոյսը, անոնց հաղորդելու Յիսուսի ողորմածութիւնը ու անոնց տանելու ''Տոն Պոսքոյի'' պատուէրը։

Սրբազան հայրը ապա անդրադարձաւ Տոն Պոսքոի խարիզմով ծնունդ առած երեսուն հաստատութիւններուն ու իր հիմնած միաբանութեան կոչումներուն եւ եկեղեցւոյ նուիրած սուրբերուն եւ երանելիներուն ու քաջալերեց ներկաները շարունակելու այդ ուղեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց հայցելով Օգնական Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի օրհնէ ամէն մէկ Սալեազեան ընտանիք ու  օրհնէ բոլոր անոնք որ իրենց կեանքը կը նուիրեն երիտասարդներուն ու յատկապէս աղքատներուն, մաղթելով որ` լաւ ընկալուած եւ դաստիարակուած երիտասարդներուն շնորհիւ, եկեղեցւոյն ու համայն աշխարհին ընծայուի, նոր մարդկութեան մը ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.