2015-06-21 10:04:00

Յայտնի գործարարներ Գրիգոր Ճապուրեան և Տիգրան Չապլաքեան այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան


18 Յունիս 2015-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող ճարտարագէտ եւ բարեգործ, նախկին մեսրոպեանական Գրիգոր Ճապուրեան և յայտնի գործարար Տիգրան Չապլաքեան այցելեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացան վարժարանի կրթական կեանքին:

Հիւրերուն կ՛ընկերակցէին Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեան եւ բարձրակարգ յուշանուէրներու արտադրութեան աշխարհահռչակ Montegrappa իտալական ընկերութեան ներկայացուցիչը: Վարժարան կատարած շրջայցին անոնց միացաւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան:

Երկու հայ գործարարները հանրութեան ծանօթ են Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նշման իւրայատուկ նախաձեռնութեան մը որպէս հեղինակներ. անոնք 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին (Զուիցերիա) ներկայացուցին “Էրեբունի” յուշանուէրային գրիչը, որ արժանացաւ լայն հետաքրքրութեան: Հայ ազգային եւ կրօնական մոթիվներով եւ  հայ մշակոյթի ու պատմութեան  ամենայատկանշական խորհրդանիշներով զարդարուած գրիչին ձեւաւորումը կատարած  է գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետ Սագայեան, արտադրութիւնը՝ Montegrappa ընկերութիւնը:

Այս առիթով, նախաձեռնութեան հեղինակները հովանաւորած են նաեւ հրատարակութիւնը «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքին, ուր 8 լեզուներով ներկայացուած են  դարերու ընթացքին հայ պետական, կրօնական եւ մշակութային կեանքին վրայ իրենց որոշիչ ու վճռական կնիքը դրած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է Դոկտ. Հ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

 Այցելութեան առիթով, Գրիգոր Ճապուրեան և Տիգրան Չապլաքեան “Էրեբունի” գրիչ մը նուիրեցին  Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին, առ ի գնահատանք վարժարանին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ կրթութեան պայմաններու զարգացման համար կատարուող աշխատանքներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.