2015-06-20 08:43:00

Ռայի Պատրիարք ՝՝Քրիստոնեաները Իրաքի մէջ պահելը անհրաժեշտութիւն է՝՝


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ուրբաթ, 19 յունսիսին. հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Էրպիլ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ռայի պատրիարքը յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարողութեան հիմնական պատճառը երկրին մէջ տիրող քաղաքական յուսալքումն է:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ խօսելու առիթ չկայ արդէն եւ պէտք է գործնական քայլերու դիմել, որովհետեւ Լիբանանի կացութիւնը կը մղէ քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութեան կորուստին:

Էրպիլի մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան, որ հիւրընկալած է քրիստոնեաները:

Ան շեշտեց, որ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ պահելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ անոնց պատմութեան արմատները խրած են Իրաքի մէջ, ուր անոնք ապրած են իսլամ համայնքին հետ եւ միացեալ մշակոյթ կերտած:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն ապագան Իրաքի մէջ կը գտնուի եւ անկարելի է այդ իրականութենէն հրաժարիլ: Ան նաեւ աւելցուց, որ քրիստոնեաները կարիքը ունին բնակարաններու, գիտութեան, բժշկութեան եւ ապահովութեան, իսկ մենք մեր զօրակցութեամբ կը փափաքինք օժանդակել բարեկամ երկիրներուն եւ զօրակցիլ անոնց: «Մեր հիմնական պահանջը այն է, որ քրիստոնեաները տուն վերադառնան եւ իրենց արժանապատուութեան վերատիրանան», ըսաւ ան:

«Մենք սպանութեան լեզուով չենք խօսիր, այլ` իրաւունքի եւ իրաւաբանութեան լեզուով: Անկարելի է ընդունիլ միջազգային ընտանիքին լռութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքներուն դէմ հասած  հարուածները», ըսաւ ան եւ ռամատանի առիթով բարի եւ խաղաղ տօն մաղթեց բոլորին:








All the contents on this site are copyrighted ©.