2015-06-20 09:21:00

Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին պատգամը Ռամատանի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Ժան Լուի  Թոռան` Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին նախագահը­, իսլամներու Ծոմապահութեան եւ Իտ Էլ Ֆըթը-ի տօնին առթիւ­, պատգամ մը ուղղած է իսլամներուն յանուն` ֆրանչիսկոս Պապին եւ կաթողիկէ աշխարհին։

Պատգամին մէջ Ան գրած է. ‘’ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ կը մաղթենք որ ռամատանի (ծոմապահութեան) եւ Իտ Էլ Ֆըթը-ի ուրախութիւնը ձեզի բոլորիդ շնորհէ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն, սատարելով մարդկային թէ հոգեւոր աճումին։

Կարդինալ Թոռան պատգամին մէջ կը հրաւիրէ քրիստոնեաներն ու մահմետականները միասնաբար հակազդելու այն բռնութեան որ կը կատարուի յանուն Աստուծոյ։ Հուսկ կը հրաւիրէ նոր սերունդի դաստիարակիչները իրենց հոգատարութեան յանձնուածներուն  սորվեցնել կեանքի նուիրականութեան ու արժանաւորութեան նկարագիրն ու արժէքը, որ յատուկ է ամէն անհատի, անկախ անոր ցեղէն, կրօնէն, մշակոյթէն, ընկերային դիրքէն ու քաղաքական ընտրութենէն։

Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կը յիշեցնէ  ապա սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքը` քրիստոնեաներն եւ մահմետականները ‘’աղօթքի առանձնաշնորհումը’’ ունին,։ Կարիք կայ այսօր աւելի քան երբեք, անոնց համար որոնք շեղած են իրենց կեանքի ուղին  ու բռնութիւններ կը գործադրեն յանուն կրօնի, որպէսզի կարողանան վերադառնալ դէպի Աստուած ու բարեփոխեն իրենց ընթացքն ու կեանքը - կ՛եզրափակէ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.