2015-06-20 09:10:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ ամեակի շուքին տակ


1915ի, յունիս 13ին, Տրապիզոնի մէջ, Թուրք Կառավարութիւնը կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը։

«… թէ երկրին պաշտպանութիւնն եւ խաղաղութիւնը պահպանելու եւ թէ հայ ժողովուրդին գոյութիւնն ապահովելու համար մեր կառավարութիւնն արտակարգ միջոցներ եւ զոհողութիւններ ստանձնելով, մինչեւ պատերազմին վախճանը բնակելու համար ներքին գաւառներու մէջ կառավարութեան նշանակած վայրերը փոխադրել որոշած է եւ բոլոր օսմանցիներուն վճռականապէս հետագայ յայտարարութիւնը կ’ընէ, որուն պարտաւոր են կէտառկէտ հնազանդիլ բոլոր օսմանցիները։

1. Ներկայ յայտարարութեանս թուականէն հինգ օր վերջը առհասարակ բոլոր հայերը, ի բացառեալ հիւանդները, թաղերու եւ գիւղերու բաժանումներով պարտաւոր են մեկնիլ ժանդարմներու պաշտպանութեան տակ։

2. Մեկնելու ժամանակ իրենց շարժուն գոյքերէն միասին առնել թոյլատրուած են, բայց աւելորդ գոյքերը, անշարժ կալուածներ ծախել կամ ուրիշներու յանձնել արգելուած է։ Որովետեւ տեղափոխութիւնը ժամանակաւոր ըլլալուն պատճառաւ, այն բոլոր գոյքերը, որ պիտի թողուին՝ պիտի կապուին եւ հակեր շինուած հաստատուն շէնքերու մէջ պիտի ամփոփուին եւ անշարժ կալուածներով միասին պիտի պահպանուին ու երբ վերադառնան՝ դարձեալ, նոյնութեամբ իրենց պիտի վերադարձուին։ Ամէն անոնք, որ հակառակ այս հրամանին, գնեն, ծախեն եւ պահեն՝ զինուորական ատեանի առաջ պիտի ղրկուին։ Միայն այն ամեն իրեղէնները, որ բանակին պիտոյքը գոհացնելու բնոյթ ունին՝ կարելի է յօժար կամքով ծախել կառավարութեան։

3. Ճամբորդութեան միջոցին հանգստութեան համար պանդոկներ եւ մեծ շէնքեր պատրաստուած են եւ ոեւէ յարձակումի ենթակայ չըլլալու եւ ողջ-առողջ իրենց առժամանակեայ բնակավայրը հասնելու համար ամէն կերպ կարգադրութիւններ կատարուած են։

4. Հայ ժողովուրդէն մէկին կամ մէկ քանիներուն վրայ յարձակում ընողներուն դէմ պահակներուն կողմէ զէնք պիտի գործածուի եւ ողջ ձերբակալելով զինուորական ատեանին առջեւ պիտի դատուի եւ գլխատուի։ Հայերուն երեւակայական գաղափարներով առաջնորդելուն հետեւանքն եղող այս կարգադրութիւնը ուրիշ ոեւէ ժողովուրդի հետ կապ կամ առընչութիւն չունենալով՝ բնակչութեան միւս տարրերը ոեւէ կերպով չպիտի միջամտեն այս գործին։

5. Հայերը պարտ են հնազանդիլ կառավարութեան այս հրամանին. եւ եթէ ոեւէ հայ ոստիկան զինուորներուն վրայ զէնք գործածէ՝ անմիջապէս ժանդարմները զէնքի պիտի դիմեն եւ զէնք գործածողները միայն մեռեալ ձեռք պիտի ձգեն։ Դարձեալ, կառավարութեան հրամանին չը հնազանդող, տեղափոխութենէն խուսափող եւ այս ու այն կողմն պահուտողները կախաղան բարձրացնելու համար զինուորական ատեանին առջեւ պիտի ղրկուին։

6. Հայերը զէնք կամ ռումբ կտրելու արտօնուած չըլլալով՝ իրենց բնակարաններու մէջ կամ դուրսը պահած ամեն տեսակ զէնք, ատրճանակ, ռումբ եւ երկսայրի սուրեր պէտք է կառավարութեան յանձնեն։ Այս տեսակ զէնքերու մէկ մասին վրայ կառավարութեան տեղեկութիւն տրուած ըլլալով՝ ամեն անոնք որ նախապէս ծածկելու գաղափարով, չեն յանձներ եւ յետոյ կառավարութեան միջոցաւ երեւան կը հանուին՝ խիստ պատասխանատուութեան տակ պիտի մնան եւ պատժուին։

7. Ճանապարհին Հայերը կողոպտելու, սպաննելու եւ այլ եւ այլ նպատակներու համար անոնց վրայ յարձակողներուն դէմ ժանդարմները ու զինուորները պարտաւոր են եւ արտօնուած՝ զէնք գործածելու այդպիսի անձնաւորութիւնները սպանել։

8. Օսմանեան պանքային պարտք ունեցողները իրենց պարտուց փոխարէն կրնան ապրանքներ յանձնել պանքային պահեստանոցին եւ միայն կառավարութիւնն իրաւունք ունի գնել զինուորական պիտոյից գործածութեան համար այդ բոլոր ապրանքները, պանքային վճարելով պարտուց գումարը, որուն փոխարէն ապրանքները յանձնուած են։ Ուրիշ անձանց եղած պարտքին փոխարէն եւս կարելի է ապրանքներ յանձնել. միայն թէ պարտուց իսկութիւնն պէտք է կառավարութեան միջոցով հաստատուի. այս նպատակին համար վաճառականին վաւերացուած տետրակները առաջնակարգ փաստեր կը կազմեն։

9.Մեծ եւ փոքր կենդանիներ, զորս փոխադրել կարելի չէ, կառավարութիւնը պիտի գնէ։

10. Ճանապարհին վրայ գտնուող գիւղերու, քաղաքներու կառավարութիւններու եւ նահանգներու պաշտօնեաները կարելի եղած օգնութիւնը պիտի մատուցանեն հայ ժողովուրդին։»








All the contents on this site are copyrighted ©.