2015-06-20 08:54:00

Հայաստան Կովկասի ամենակայուն պետութիւնը կը նկատուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Հայաստան աւելի կայուն է, քան Հարաւային Կովկասի միւս պետութիւնները. կը վկայեն տուեալները «Դիւրաբեկ պետութիւններու աղիւսակ»ի (Fragile States Index), որուն վրայ Հայաստան կը գրաւէ 108րդ դիրքը (աղիւսակին մէջ առաջին դիրքը գրաւող պետութիւնը ամենախոցելին կը նկատուի):

2014ի համեմատ, Հայաստան իր դիրքը բարելաւելած է 4 կէտով:

Հայաստան կը գտնուի «նախազգուշացման ցած մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ՝ Սուրինամի, Ղազախստանի, Սամօուայի, Քուպայի եւ շարք մը այլ երկրներու հետ:

Հայաստանի դրացիներէն ամենախոցելի երկիրը կը նկատուի Իրանը, որ 44րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, մինչ Վրաստան 70րդ դիրքին վրայ է, Ատրպէյճան՝ 80րդ, իսկ Թուրքիա՝ 90րդ:

Ռուսիան 65րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մաս կը կազմէ «նախազգուշացման բարձր մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին:

Աշխարհի ամենախոցելի երկիրներու եռեակին մաս կը կազմեն, երկրորդ տարին ըլլալով, յաջորդաբար՝ Հարաւային Սուտան, Սոմալիա եւ Կեդրոնական Ափրիկեան հանրապետութիւնը:

Նախորդ տարուան համեմատ, ամենամեծ անկումը արձանագրած են Ուքրանիան, Սուրիան եւ Լիպիան, իսկ ամենամեծ յառաջխաղացքը՝ Քուպան, Վրաստանը եւ Փորթուկալը:

Ամենակայուն պետութիւնները կը նկատուին՝ Ֆինլանտան, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Դանիան:

Աղիւսակի հեղինակներն են՝ «The Fund for Peace»ը եւ «Foreign Policy» ամսագիրը: Անոնք նկատի կ՛առնեն տարբեր չափորոշիչներ՝ երկրի տնտեսական դրութիւնը, ապահովութեան մակարդակը, գաղթականներու հարց, օրէնքները պարտադրելու յանձնառութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, աղքատութեան մակարդակը, եւայլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.