2015-06-20 12:02:00

Կարդինալ Սքոլայի այցելութիւնը Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքի գաղթականներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Էրպիլ քաղաքին մէջ կ'ապրին աւելի քան 125 հազար քրիստոնեայ գաղթականներ, որոնք պարտադրուեցան իրենց պապական հողերէն հեռանալ պահպանելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը ու չհպատակելու ՏԱՀԵՇ-ի օրէնքներուն։

Հինգշաբթի 19 Յունիս 2015-ին, Միլանոյի թեմի առաջնորդը կարդինալ Սքոլան Էրպիլ հասաւ ընկերակցութեամբ Քաղդէացիներու Սաքօ պատրիարքին ականատես ըլլալու իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակին։

Չորս միլիոն հաշուող այս մարզը կը հիւրընկալէ 1,5 միլիոն գաղթականներ։

Կարդինալ Սաքոյի գնահատումով հարկ է որ միջազգային հասարակութիւնը զէնքով միջամտէ, վերջ տալու մարդկային այս ողբերգութեան ու գաղթականներուն կարելիութիւն` իրենց  տուները վերադառնալու։

Կարդինալ Սքոլա իր կարգին յայտնեց թէ հարկաւոր է երաշխաւորել այս անհատներու հիմնական իրաւունքները։ Պետութիւններու պարտականութիւնն է անհատին երաշխաւորել հիմնական իրաւունքը։ Այս իրաւունքը իւրաքանչիւր անհատին հռչակած կրօնքէն յառաջ կու գայ։ Քաղաքացիութիւնը պէտք է ճանչցուի որպէս հիմը հաւասարութեան։ Հոս` քրիստոնեաները չունին մահմետականին վերապահուած միեւնոյն իրաւունքը եւ այս ուղղութեամբ է որ պէտք ենք աշխատիլ - ըսաւ Կարդինալ Սքոլան որ այս օրերուն այցելութիւն կատարեց Լիբանան եւ Իրաք ընդառաջելով մարոնիներու ու Քաղդէացիներու պատրիարքներու  հրաւէրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.