2015-06-20 09:04:00

61 ծաղիկներ որպէս շրջանաւարտ վկայուեցան Մեսրոպեան մանկապարտէզէն


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ծաղիկ եւ կոկոն դասարաններու ամավերջի հանդէսը եւ աւարտականներու վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Մարիա Պալատի, Լորի Նիկոլեան եւ Լորի Այնէճեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք հանդէսի մասնակից աշակերտները կատարեցին երկու խմբերգներ,  հինգ պարեր՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական, նուագ՝ խմբային մասնակցութեամբ եւ “Հայաստանը մեր երկիրն է” թատերական պատկերը:

Մեսրոպեան մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճեքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ ձեռք կը բերեն տարբեր գիտելիքներ եւ ընկերային հաղորդակցութեան կանոններ,  դառնալու համար նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան մաղթեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները: Խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 61 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց  մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները,  Մեսրոպեան մանկապարտէզի աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար:  Կ. Գալուստ ըսաւ, որ առընչակից բոլոր կողմերու հետ գործակցաբար, տնօրէնութիւնը ամէն ինչ ըրած է եւ պիտի շարունակէ ընել՝ աւելի բարձրացնելու համար վարժարանին ընդհանուր մակարդակը, դիտել տալով, որ այդ հեռանկարին մէջ իր առանցքային նշանակութիւնը ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ կրթութեան «հիմնաքարը»` մանկապարտէզը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.