2015-06-19 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեան ժողովի մասնակցիներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 19 յունիսի կէսօրին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ, Սուրբ Գիրքի կաթողիկէ ընկերակցութեան   գումարած տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն հետ ու անոնց յանձնեց  Իր գրաւոր պատգամը , որուն մէջ    Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնելով  համագումարի խորագիրէն` ''Եւ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ զայն ձեզի կ՝աւետենք որպէսզի դուք ալ մեզի հետ հաղորդակցիք (Ա թուղթ ընդհ Յովհ առաք  1,3) հաստատեց թէ ՝՝որպէսզի կարողանանք աւետել ճշմարտութեան խօսքը, պէտք է որ մենք փորձարկած ըլլանք զայն, ունկնդրած  ըլլանք, խոկած՝ անոր մասին, եւ մեր  ձեռքերով դպած ըլլանք։

 Եկեղեցին , որ իւրաքանչիւր օր՝ կը հռչակէ Աստուծոյ խօսքը՝ Անորմէ ստանալով սնունդ ու  ներշնչում,  վկան կը դառնայ  սոյն  Խօսքին արդիւնաբերութեան ու զօրութեան։

՝՝Մենք չենք ՝ ոչ իսկ մեր ջանքերն են, այլ Սուրբ հոգին է որ կը ներգործէ անոնց մէջ՝ որոնք նուիրուած են  հովուական խնամակալութեան''  հաստատեց Սրբազան Հայրը

Ապա  ակնարկելով Եկեղեցւոյ վարդապետութեան Աստուածայայտնութեան ''Dei Verbum'', Աստուծոյ Բան վաւերաթուղթին, որուն  50 ամեակը կը նշուի այս տարի,

յայտնեց թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ , 1986 թուականին հրաւիրած է աւելի խոր ընթերցանութիւն կատարել Աստուծոյ Բան վաւերաթուղթին գործադրելով  անոր յանձնառումները։ Այսօր եւս կը հրաւիրեմ ձեզ յառաջ տանելու սոյն աշխատանքը , արժեւորելով միշտ Եկեղեցական վարդապետութեան վաւերաթուղթի գանձը ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող վաւերաթուղթերը, մինչ՝ կը հաղորդէք Աւետարանի ուրախութիւնը մինչեւ աշխարհի յետին սահմանները, հնազանդելով Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձ կատարեց այն վայրերուն ուր դեռ չէ հասած Աստուծոյ խօսք ըսելով ՝՝Գոյութիւն ունին վայրեր ուր Աստուծոյ խօսքը դեռ չէ տարածուած կամ ալ չէ ընկալուած՝ որպէս Փրկութեան Խօսք։ Աստուծոյ Բանին հանդէպ  զօրակցութեան պակասութիւնը , քրիստոնէական հասարկութիւնները կ՝առաջնորդէ դէպի անկում ինչպէս նաեւ կը կասեցնէ հոգեւոր զարգացումը եւ երիտասարդ եկեղեցիներու արդիւնաբերութիւնը։

Պէտք է այնպէս  մը ընենք, որ համայն քրիստոնէական հասարակութիւններու մէջ՝ ժողովրդապետութիւններ, ընկերակցութիւններ,  եկեղեցական շարժումներ. Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպում ունենան  սրտանց փափաքին ո ր  Ան մեր հետ հաղորդակցի Իր Խօսքով։

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ ''Աստուծոյ Խօսքի ծառայողներուն առաքելութիւնն է, զարգացնել եւ արժեւորել Քրիստոսի հետ հանդիպումը, զոր հաւատք կը ներշնչէ ու կեանքը կը կերպարանափոխէ'։








All the contents on this site are copyrighted ©.