2015-06-19 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 19 յունիսի քարոզը՝ ''Երկինքի արժանի հարստութիւն կուտակեցէք''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մեր անձերուն համար դիզուող հարստութիւնները՝ պատճառ են պատերազմներու, քայքայուած ընտանիքներու եւ արժանապատուութեան կորուստի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը` 19 յունիսին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

՝՝Հարստութիւնները չեն նմանիր կայուն արձաններուն ­ այսինքն ՝չեն ազդեր մարդու կեանքի ընթացքին վրայ'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով  թէ ''հարստութիւնները կը ձգտին աճելու եւ շարժելու, տեղ գրաւելու համար մարդու կեանքին ու սրտին ներքեւ''։  

Ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի Յիսուսի Առաքեալներու աւետած ճշմարտութեան մասին ''ուր է քու գանձդ հոն է քու սիրտդ''

Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ երկրային հարստութիւնները չեն ներշնչեր ապահովութիւն այլ  ընդհակառակը՝ անոնք կ՝առաջնորդեն դէպի անկում ՝ ընտանիքներու քայքայում ու  պատերազմ։

՝՝Դիզել հարստութիւն՝  մարդ արարածի յատկութիւններէն մին է,  ինչպէս նաեւ   աշխատիլ, տիրապետելու աշխարհին` առաքելութիւն մըն է''  հաստատեց Ֆրանչիսկոս պապ  աւեցնելով  թէ այս է մեր պայքարը  ''ինչպէ՞ս  մատակարարել երկրային հարստութիւնները՝ հասարակաց բարիքին եւ բոլորին համար, եւ ինչպէ՞ս  ուղղել զանոնք դէպի երկինք՝ զանոնք վերածելով երկնային հարստութիւններ''

Ֆրանչիսկոս պապ քարոզը եզրափակեց ըսելով ''շատեր իրենց խիղճերը կը

հանգստացնեն մուրացկանին՝ իրենց ունեցածին աւելորդը տալով։Այս սակայն մատակարարում չէ։ Մատակարարել հարստութիւնը կը նշանակէ ՝ շարունակ մերկանալ անձնական շահերէն եւ չի մտածել թէ սոյն հարստութիւնները մեզ կը փրկեն։ Գանձեր դիզել լաւ բան է` սակայն անոնք որոնք արժէգաւոր են, երկինքի համար թիզուած գանձերն են։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.