2015-06-19 09:54:00

Քաղդէացիներու պատրիարք Սաքոյի պատգամը իսլամներու Ռամատանին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ծոմապահութեան ամսոյն սկիզբը, մահմետական եղբայրներուս կը յայտնեմ իմ սիրալիր բարեմաղթութիւններս, այն յոյսով որ Ամենակալ Տէրը ողողէ զանոնք իր օրհնութիւններով ու պահպանէ Իրաքը` մեր սիրելի հայրենիքը, անոր կայունութիւն շնորհելով''։ Այսպէս կը գրէ Քաղդէացիներու պատրիարք գերերջանիկ Ռաֆայէլ Սաքօն խօսքը ուղղելով իսլամ աշխարհին, Ռամատանի - ծոմապահութեան ամսոյն սկիզբը։ Ան մաղթանք կը յայտնէ որ հաշտութիւնը ու ներդաշնակութիւնը  վերահաստատուին, ընդգծելով որ հերոսութիւնը չի կայանար պատերազմ մղելու ու բազմաթիւ մարդիկ սպաննելու մէջ։ Ճշմարիտ հերոսը այն է որ կը  գործէ խաղաղութեան ի խնդիր ու բոլորին կ՛երաշխաւորէ ազատութիւն եւ արժանաւորութիւն հաստատած է Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.