2015-06-19 09:42:00

Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Նարեկացին ներկայացուած է Ֆրանսացիներուն


Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած դասախօսութիւն, որուն մասնակցեցան ոչ միայն տեղացի հայերը, այլեւ բազմաթիւ օտարներ: Ասիկա նմանատաիպ 4րդ դասախօսութիւնն է, որուն միջոցով ֆրանսացիներուն կը ներկայացուի հայ հոգեւոր արժէքները, միջնադարեան գրականութիւնն ու արուեստը: Դասախօսութիւնները կարդացաց Զաւէն Եկաւեան:

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին Զաւէն Եկաւեան յայտնեց, որ դասախօսութիւններուն նպատակն է որ ոչ միայն ֆրանսահայերու 5րդ սերունդը, այլ նաեւ ֆրանսացիները ճանչնան հայկական եկեղեցին, այն հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները, որոնք փոխանցուած են դարէ դար:

«Դասախօսութեան ներկայ էին բազմաթիւ ֆրանսացիներ, փորձագէտներ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը լսէին Նարեկացիի մասին: Նարեկացիի նկատմամբ աշխարհի հետաքրքրութիւնը առաւել մեծցած է յատկապէս, երբ կաթոլիկ եկեղեցին հայ սուրբը հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ», ըսաւ Եկաւեան՝ աւելցնելով, որ նմանատիպ դասախօսութիւնները շարունակական պիտի ըլլան:
Եկաւեան շեշտած է, որ դասախօսութիւններու իրականացման առումով շատ կարեւոր է նաեւ վայրի ընտրութիւնը, քանի որ Լիոնը ֆրանսական այն քաղաքն է, ուր առաջին անգամ տպագրուած է Նարեկացին ֆրանսերէնով: «60 տարի առաջ Հայր Իսահակ Քէշիշեանի նախաձեռնութեամբ Լիոնի մէջ առաջին անգամ ֆրանսերէնով տպագրուեցաւ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը:

Հետեւաբար, լաւ զուգադիպութիւն է ոգեկոչել թէ՛ Նարեկը, թէ՛ Քէշիշեան վարդապետը, թէ Լիոն քաղաքը, որ ֆրանսախօս աշխարհին համար բացայայտեց Նարեկացին», ըսաւ Զաւէն Եկաւեան:

Ան շեշտեց, որ յատկապէս Ապրիլին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագէն ետք հետաքրքրութիւնը շատ մեծցած է Նարեկացիի հանդէպ, սակայն ցաւալին այն է, որ Սփիւռքի մէջ դեռ չեն կրնար լիարժէք կերպով ներկայացնել Նարեկացին, հոգեւորականները նոյնպէս խորամուխ չեն եղած լաւագոյն կերպով սուրբը ներկայացնելուն մէջ: «Այս առումով, դեռ շատ գործ ունինք ընելու, քանի որ յատկապէս Սփիւռքի մէջ մեզի հայ պահողը մեր կրօնն է, մեր հայ ըլլալու միակ փաստաթուղթը մկրտութեան վկայականն է, հետեւաբար, առաջին հերթին մեր կրօնով եւ հոգեւոր արժէքներով պէտք է ներկայանանք աշխարհին», ըսաւ Եկաւեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.