2015-06-19 09:47:00

Չարլսթընի մէջ կը սպաննուին 9 հոգի


ՉԱՐԼՍԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունիս 17ի գիշերը, Հարաւային Քարոլայնայի Չարլսթըն քաղաքի սեւամորթ բողոքականներու պատմական եկեղեցւոյ մէջ, 21ամեայ սպիտակամորթ զինեալ մը սպաննած է 9 հոգի, որոնց հետ մօտաւորապէս մէկ ժամ Ս. Գրային սերտողութիւն կատարած էր։

Զինեալը կրցած է իր ինքնաշարժով փախուստ տալ ոճիրի վայրէն, սակայն ոստիկանութիւնը կրցաւ զայն ձերբակալել Հինգշաբթի օր, Հիւսիսային Քարոլայնայի Շելպի քաղաքին մէջ, ոճիրէն մօտաւորապէս 14 ժամ ետք։

Ոստիկանութիւնը ցարդ չէ բացայայտած զոհերուն անունները, սակայն յստակ դարձած է, որ զոհերուն մէջ եղած է նահանգային Ծերակոյտի անդամ մը, որ եկեղեցւոյ պատուելիներէն մէկն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.