2015-06-19 12:18:00

Յառաջիկայ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ''աշխատանքային թղթածրարի'' ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մասին յառաջիկայ եպիսկոպոսական ԺԴ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը, լոյս պիտի տեսնէ 23 Յունիս 2015-ին։

Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրի ` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ զայն մամուլին` յառաջիկայ 23 յունիսի կէսօրին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի` Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ։ Անոր հետ ելոյթ կ՛ունենան նաեւ Կարդինալ Փիթըր Էրտօ` Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը եւ գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ` վերոյիշեալ սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարը։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նիստերը նախատեսուած են  Վատիկանի մէջ  յառաջիկայ 4-25 հոկտեմբեր 2015։ Վերոյիշեալ Թղթածրարը կը ներփակէ թեմերու պատասխանները ընտանիքի հայող հարցարանին եւ 2014-ին նոյն նիւթին հայող առաջին սիւնհոդոսին վերջնական տեղեկագիրը։ 2015-ի Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին նիւթն է. ‘’ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհի մէջ’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.