2015-06-19 09:46:00

Գալիլեայի մէջ հրոճարակ դարձած է Հացի բազմապատկումի նուիրուած եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Երկիր – Գալիլեայի Թապղա շրջանին մէջ հրոճարակ դարձած է Հացի բազմապատկումի նուիրուած եկեղեցին։ Արարքը վերագրուած է  ծայրայեղ հրեաներուն։ Տիբերեա լիճի մօտ գտնուող Հացի բազմապատկումի նուիրուած եկեղեցին թիրախ եղած է հրեայ խումբ մը ծայրայեղներու ոճրագործութեան։
Անոնք` գիշերը հրդեհած են եկեղեցին, որ կը գտնուի այն վայրին մէջ ուր Յիսուս հացի ու ձուկի բազմապատկումի հրաշքը գործած է։
Այս առաջին անգամը չէ որ քրիստոնեայ եկեղեցի մը թիրախ կը դառնայ  հրեայ ահաբեկիչներու։ Նեթանիահու նախարարապետը դատապարտած է քրէական այս արարքը ընդգծելով որ Իսրայէլը հանրավար պետութիւն մըն է եւ սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնքի ազատութիւնը։ Յայտնենք որ եկեղեցին յանձնուած է Բենետիկտեան  հայրերու։ Հայրերը դիտել տուած են որ բազմաթիւ հրեաներ, մահմետականներ. Տրզիներ ու քրիստոնեաներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են ու դատապարտած ոճրագործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.