2015-06-19 09:52:00

2015՝ կրօնաւորական կեանքի տարի


Քահանայութիւնը կամ կրօնաւորական կեանքը այնպիսի բարձր եւ գերազանց աստիճան մըն է, որ ինքնաբերաբար մտքերնէս կ՛անցնենք թէ ի՞նչ վտանգներ կը սպառնան իրենց :

                Քահանան կամ կրօնաւորը անկումի պահեր ալ ունի: Արդարեւ անոնք տաճարի աշտարակի մը նման կանգուն մնալու համար կը պահանջէ գերբնական հաւասարակշռութիւն մը եւ մեծ ուշադրութիւն մը, կանխարգիլելու համար մահացու անկում մը:

                Քահանան սուրբ երկիւղով կը պատսպարուի ձեռնադրութեան ժամանակ: Ի՛նչ ուրախութեամբ եւ ի՛նչ յոյսով կ՛ընդունի քահանայական անջնջելի կնիքը, բայց նաեւ ի՛նչ յուսախաբութեամբ կ՛արթննայ յաջորդող օրը եւ կամ քանի մը օր ետք երբ կը տեսնէ որ ինք նոյն մարդն է, ինչ որ էր Քահանայական ձեռնադրութենէն առաջ:

                Այս հակասութիւնը ընդմէջ խանդավառ ձգտումներուն եւ յոյսերուն եւ ցուրտ ու դառն իրականութիւնը իր ներքին վիճակին, քահանային վրայ այն տպաւորութիւնը կը գործէ, ինչ որ կը գործէ սաստիկ հով մը Ապրիլի սկիզբը նոր ծաղկած պտղատու ծառի մը:

                Քահանան կամ կրօնաւորը իր բոլոր տկարութիւններով է որ կը սկսի իր աստուածային առաքելութեան, ձեռնադրութեան կամ ուխտադրութեան երկրորդ օրն իսկ, եւ այդ վայրկեանէն կը սկսին նաեւ վտանգները: Սուրբ Յովհան Ոսկերբերան կը խօսքի քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու պատահած փորձանքներուն մասին: Ան ցոյց կու տայ նաեւ թէ ինչ աստիճանի ենթակայ են սուր լեզուներու եւ ժողովուրդի չարութեան, որ զիրենք կ՛ամբաստանէ հակասական բաներով, ինչ որ ալ ընէ: Ան կ՛աւելցնէ ըսելով.« քահանայութիւնը կը պահանջէ մեծ հոգի մը, որովհետեւ քահանան ինքն իր մէջ կը գտնէ խռովութեան ծանր պատճառներ եւ կարիքն ունի աչքերը չորս բանալու եւ զգոյշ ապրելու:

                Այս խօսքերը որպէս ազդարարութիւն կը հնչեն մեր ականջներուն: Այժմ խոնարանք նիւթիւն:

                Իր հովուական պաշտօնը սկսող քահանայինկամ կրօնաւորին սկսող առաջին վտանգը կ՛ըլլայ կորուստը նեցուկներու, որոնք զինք վեր կը բռնէին իր ըծայարանի կեանքին մէջ: Այլ խօսքով` Ընծայարանի մէջ կեանքը ապահով էր, կանոնները, օրակարգը եւ զանգի ձայնը որ պարտականութեան կը կանչէր առտուընէ մինչեւ իրիկուն, բարի ընկերներու օրինակը որ բարերար ազդեցութիւն կը գործէին իր վրայ. եւ ասոնցմէ աւելի իր մեծաւորներու խրատները եւ լուսամիտ գուգուրանքները. այս բոլոր օգնութիւնները վառ կը պահէին եւ կ՛ապահովէին յարատեւութիւնը ժառանգաւորացի աշակերտներուն, մինչեւ այն օրը երբ քահանայ եղած, կը թողուն հին պատերը, զորս սիրեցինեւ այդ սուրբ տունին դռները կը փակուին իրենց երետէն:

Շարունակելի...








All the contents on this site are copyrighted ©.