2015-06-18 08:19:00

Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ Պատրիարքի այցելութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) 17-20 Յունիս 2015, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի օրթոտոքս պատրիարք գերերջանիկ Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ այցելութիւն կը կատարէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ 2014-ին,  ընտրուեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ 123-րդ պատրիարք։ Յայտնենք որ Ասորի օրթոտոքս եկեղեցին ծնունդ առած է Անտիոքի քրիստոնեայ առաջին հասարակութենէն։ Այդ քաղաքին մէջ բնակած են Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերը եւ այդ քաղաքէն մեկնած են առաջին քրիստոնեայ միսիոնարները, որոնք Աւետարանը քարոզեցին Ասիայի ու Եւրոպայի մէջ։

Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցին, Արեւելեան եկեղեցիներու նման  պատրիարքական կառոյց մը ունի։ Անիկա այսօր կը հաշուէ մէկ միլիոն 800 հազար հաւատացեալ աշխարհի մէջ։

Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքի, Լիբանանու ու Իսրայէլի մէջ ունի շուրջ 600 հազար հաւատացեալ։ Գաղթականութեան զանազան ալիքներու  պատճառաւ ասորիները տեղափոխուեցան Գանատա, Անգլիա, Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա։ Մեծագոյն հասարակութիւնը կը գնուի հնդկաստանի մէջ, շուրջ 1.200.000։

Հնդկաստանի Քերալա եւ Մալանքար ասորի օրթոտոքս եկեղեցիները անբաժան մաս մըն են Անտիոքի ասորի եկեղեցւոյ եւ կը ճանչնան Անտիոքի պատրիարքը որպէս գերագոյն պատրիարք։ Հնդկաստանի Մալանքար- կաթողիկոսը գերերջանիկ ''Mor Baselios Thomas I'', մաս կը կազմէ Հռոմի այցելութեան պատուիրակութեան։

Այս մարտիրոս եկեղեցին դարերու հոլովոյթին կրեց բազմաթիւ հալածանք, վերջին ողբերգութիւնները կը շարունակուին Սուրիա եւ Իրաքի մէջ։ Հալէպի թեմի Իպրահիմ առաջնորդը` յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսին հետ առեւանգուեցան  22 Ապրիլ 2013-ին ։

Առաջին աշխարհամարտին կէս միլիոն ասորիներ ջարդուեցան երիտասարդ թուրքերու ձեռքով, այդ կատարուեցաւ զուգահեռ Հայոց ցեղասպանութեան։

Ասորի օրթոտոքս եկեղեցին շատ մօտ է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

23 Յունիս 1984-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եւ Զաքքա պատրիարքը միացեալ յայտարարութեամբ  դաւանեցան միեւնոյն հաւատքը Քրիստոսի մէջ։

Անհամաձայնութիւն կայ քրիստոսաբանական եզրաբանական արտայայտութիւններու նկատմամբ։ Նոյեմբեր 1993-ին աստուածաբանական միացեալ յանձնախումբը համաձայնագիր մը ստորագրեց է հայող միջկրօնական ամուսնութեան, ճանչցուած որպէս ‘’Քերալայի համաձայնագիր’’։

ՅՊԲ Հռոմի Պապը 25 Յունուար 1994-ին վաւերացուց համաձայնագիրը ։

Անտիոքի և Համայն Արևելքի նորընտիր պատրիարքը հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ուրբաթ 19 Յունիսին։  Պատրիարքը այցելութիւն պիտի կատարէ ապա քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին եւ ս. Պետրոս առաքեալի գերեզմանին։

Նշենք որ անցեալ Հոկտեմբեր 13-ին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գարեգին Բ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Նորին Սրբութիւն Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ, երկու Եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ, ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը որուն մէջ ի մէջ այլոց ըսուած է. ''Գոհութիւն կը մատուցանենք Ս. Երրորդութեանը՝ Հօրը, Որդւոյ և Ս. Հոգւոյն, որ առիթ ընձեռեց մեզի՝ հանդիպելու համայն հայութեան հոգևոր կենտրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, եղբայրական սէրը երկու հովուապետերու միջև, հաւատքի միութիւնը և մեր Քոյր  Եկեղեցիներու համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

Մեծապէս մտահոգուած ենք Մերձաւոր Արևելքի մէջ տիրող իրավիճակով: այսօր կը գտնուինք մեծ ճգնաժամի մէջ: Խստօրէն կը դատապարտենք բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներու և կրօնական ծայրայեղականներու կողմէ իրականացուած գործողութիւններն ու կիրառուած բռնութիւնները քրիստոնեաներու և միւս փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք նաև Սիրիոյ մէջ շարունակուող պատերազմի առնչութեամբ: Մենք կ’աղօթենք առ Աստուած Եկեղեցիներու պայծառութեան և աշխարհի ու յատկապէս Մերձաւոր Արևելքի խաղաղութեան համար` հայցելով, որ Տէրը շուտափոյթ  խաղաղութիւն և անխռով կեանք պարգևէ Սուրիայի ժողովրդին»: 








All the contents on this site are copyrighted ©.