2015-06-18 12:00:00

''Գովեալ ըլլաս'' Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ Հինգշաբթի` 18 յուլիս 2015-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հասարակաց օճախին խնամքին հայող ''Գովեալ ըլլաս''  վերտառութեամբ շրջաբերական թուղթը որ  մեծ արձագանք ունեցաւ եւ որուն կէտ նպատակն է նպաստել ոչ միայն բնապահպանութեան հարցին այլեւ մարդկային կենսոլորտի բարելաւման` պաշտպանելով անոր հոգեւոր, բարոյական եւ կրօնական բոլոր արժէքները։ Շրջաբերականը չէ ուղղուած միայն կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ աշխարհին եւ կամ միայն բարի կամք ունեցող մարդոց, այլ բոլորին անխտիր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք շրջաբերականին հայող ընդհանուր ակնարկ մը ու ապա անոր վեց գլուխներէն բաղկացած պարունակութեան հակիրճ տեղեկութիւններ։ 

 

 

Ընդհանուր ակնարկ։

''Ինչպիսի աշխարհ մը կ՛ուզենք փոխանցել անոնց, որ մեզմէ վերջ պիտի գան, մանուկներուն որոնք կ՛աճին ու կը մեծնան'' (160)։ Այս հարցումը կը հանդիսանայ  ''հասարակաց բարիքին'' հայող, Ֆրանչիսկոս Պապին ''Գովեալ ըլլաս''  շրջաբերականի կեդրոնը, որ կը շարունակէ ''այս հարցումը չի հայիր լոկ կենսոլորտին, որովհետեւ կարելի չէ հարցումը ուղղել մասնակի կերպով'' եւ այս մէկը կը մղէ հարցադրելու գոյութեան իմաստին եւ ընկերային կեանքի հիմքը կազմող արժէքներու մասին. Ո՞րն է մեր այս կեանքին  նպատակակէտը։ Ինչո՞ւ կ՛աշխատինք ու կը պայքարինք։ Ինչո՞ւ այս հողը պէտք ունի մեզի։ Եթէ մենք մեզի չուղղենք այս հիմնական հարցումները – Կը գրէ Քահանայապետը – չեմ կարծեր որ մեր բնապահպանութեան մտահոգութիւնները կրնան կարեւոր արդիւնքներու յանգիլ։

Շրջաբերական թուղթի բնաբանը քաղուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի ''Արարածներու օրհներգը'' աշխարհահռչակ տաղէն` ''Գովեալ ըլլաս Տէր իմ'', որուն մէջ կը նշուի թէ` երկիրը մեր հասարակական տունն է, ան ''նաեւ քոյրի նման է` որուն հետ կը կիսենք մեր էութիւնը ու գեղեցիկ մօր նման` որ մեզ իր բազուկներուն մէջ կ՛ընդունի''։ Մենք ալ երկրի հող ենք (Ծննդոց 2,7)։ ''Նոյնինքն մեր մարմինը կազմուած է երկրի տարրերէն, որուն օդը մեզի շունչ կու տայ ու անոր ջուրը մեզ կը կենդանացնէ ու կը յագեցնէ'' (2)։

Այժմ, այս երկրի հողը` չարաշահուած եւ թալանուած  կը բողոքէ ու անոր ողբը կը միանայ աշխարհի բոլոր լքուածներու ողբին։  Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ մտիկ ընել անոնց, խրախուսելով ամէնքը եւ ամէն մին, անհատներ, ընտանիքներ, հասարակութիւններ, ազգեր եւ միջազգային ընտանիք, ''բնապահպանողական դարձի'' մը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի արտայայտութեամբ` այսինքն ''ուղղութիւնը փոխել'', ստանձնելով յանձնառումի գեղեցկութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ''խնամելու հասարակաց օճախը''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը միաժամանակ կ՛ընդունի թէ ''աճող զգայնութիւն մը կ՛արձանագրուի բնութեան խնամքի եւ կենսոլորտի նկատմամբ, ու կը յառաջանայ անկեղծ ու ցաւալի մտահոգութիւն մը, յաչս մեր մոլորակին պատահած իրադարձութիւններուն (19),  օրինականացնելով  յոյսի հայեացք մը որ կը յատկանշէ շրջաբերականը ու բոլորին կ՛ուղղէ յստակ եւ լիայոյս պատգամ մը` ''Մարդկութիւնը տակաւին կարողութիւնը ունի համագործակցելու հասարակաց օճախի կերտումի ի խնդիր'' (13). Մարդ էակը տակաւին կարող է դրական ներդրումներ կատարել (58)։ Ամէն ինչ չէ կորսուած, որովհետեւ մարդ արարածները, որոնք կարող են ծայրայեղ նուաստացումի դիմել, կրնան նաեւ իրենք զիրենք գերազանցել ու վերստին ընտրել բարին ու վերակենդանանալ (205)։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կ՛ուղղէ անշուշտ կաթողիկէ հաւատացեալներուն, վերյիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի խօսքերը  ''Քրիստոնեաները յատկապէս գիտակից են թէ արարչութեան ներքոյ եւ բնութեան ու Արարիչին հանդէպ իրենց պարտականութիւնը մաս կը կազմէ իրենց հաւատքին (64)։ Ան ապա  կ՛առաջարկէ երկխօսութեան մէջ մտնել բոլորին հետ, մեր հասարակաց օճախին հայող հարցերու առընչութեամբ (3)։ Երկխօսութիւնը արդարեւ կը յատկանշէ շրջաբերականի  բովանդակութիւնը եւ 5-րդ գլխուն մէջ կը դառնայ գործիքը դիմագրաւելու եւ լուծելու հարցերը։

ի սկզբանէ Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ որ այլ ''Քրիստոնեայ Եկեղեցիներ եւ հասարակութիւններ եւս – այնպէս ինչպէս այլ կրօններ – զարգացուցած են խոր մտահոգութիւն մը եւ թանկարժէք խորհրդածութիւն մը '' բնապահպանութեան նիւթին շուրջ'' (7)։ Աւելին, Քահանայապետը յստակօրէն կ՛ակնարկէ  անոնց ներդրումին, սկսեալ ''Սիրեցեալ Բարթողոմէոս Տիեզերական Պատրիարքէն (7) որուն մասին կը խօսի 8-րդ եւ 9-րդ րդ հատուածներուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս յանձնառումի բոլոր դերակատարներուն – որքան անհատներուն, նոյնքան ընկերակցութիւններուն եւ իշխանութիւններուն– ընդգծելով թէ ''բազմաթիւ գիտնականներու, փիլիսոփաներու, աստուածաբաններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու, ձեռք բերած նուաճումները, հարստացուցին Եկեղեցւոյ միտքն ու գաղափարը այս հարցին շուրջ'' (7) ու ապա բոլորը կը հրաւիրէ ճանչնալու ''հարստութիւնը զոր կրօնները կարող են նուիրել`  համապարփակ բնապահպանումի եւ մարդկային ցեղին զարգացումին ի նպաստ'' (62)։

Շրջաբերականի ուղեգիծը բացայայտուած է 15-րդ հատուածին մէջ եւ կ՛ընդլայնուի 6 գլուխներով։ Մեկնելով իրավիճակի ուսումնասիրութենէն հիմնուած` այսօրուայ գիտական ամենալաւ նուաճումներու վրայ (Գլ. 1), Սուրբ Գիրքի եւ Եբրա-քրիստոնէական աւանդութեան միջեւ համեմատութենէն (Գլ. 2), բնորոշելով հարցին արմատը (Գլ. 3)  որ կը գտնուի թեքնոքրաթական ու մարդ էակին ինքնակառավարման ներանձնական ծայրայեղ միտումին մէջ։

Շրջաբերականի առաջարկն է (Գլ. 4) '' համապարփակ բնապահպանութիւն որ կ՛ընդգրկէ մարդկային եւ ընկերային ծաւալները'' (137), որոնք անբաժանելիօրէն զօդուած են բնութեան հարցին հետ։

Այս հեռանկարով Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛առաջարկէ (Գլ. 5) սկիզբ տալ ուղղամիտ երկխօսութեան մը, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական  կեանքի ամէն մակարդակի վրայ, որ թափանցիկ որոշումներու գործընթացք մը կարգաւորէ, յիշեցնելով թէ (Գլ. 6) ոչ մէկ ծրագիր արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, եթէ` չէ ծրագրուած կազմաւորուած եւ պատասխանատու խղճէ մը ու այս առընչութեամբ առաջարկելով զարգացումի ի սպաս գաղափարներ,  դաստիարակչական, հոգեւոր, եկեղեցական, քաղաքական եւ աստուածաբանական գետնի վրայ։

Շրջաբերականը կ՛աւարտի երկու աղօթքներով, մէկը նուիրուած բաժնեկցելու բոլոր անոնց հետ որոնք կը հաւատան ''Մէկ Աստուծոյ` Հայր եւ Արարիչ'' (246) եւ միւսը առաջարկուած անոնց որոնք կը դաւանին Յիսուս Քրիստոսի հաւատքը, որ յատկանշուած է '' Laudato Si  – Գովեալ ըլլաս'' գովաբանութեան կնրկնումներով որ կը կազմէ շրջաբերականի սկիզբն ու վերջը։

Շրջաբերականը կը բովանդակէ ապա, մի քանի գլխաւոր նիւթեր, քննարկուած` տարբեր տեսանկիւններէն, որուն կու տան զօրեղ միասնութիւն մը` ''մտերմիկ զօդը ընդմէջ աղքատներուն եւ մոլորակի դիւրաբեկութեան. Համոզումը որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ իրարու կապուած է։ Քննադատութիւն` այն նոր տիպարին եւ իշխանութեան նոր ձեւերուն որոնք յառաջ կու գան արուեստագիտութենէն։ Հրաւէր տնտեսութեան եւ զարգացումի հասկացողութեան տարբեր ձեւեր որոնելու։ Ամէն մէկ արարածի արժէքը. Բնապահպանութեան մարդկային իմաստը։  Անկեղծ եւ ուղղամիտ բանավէճերու հարկաւորութիւնը։ Միջազգային եւ տեղական քաղաքականութեան ծանր պատասխանատուութիւնը։ ''մնացորդացի'' մշակոյթը եւ կեանքի նոր ապրելակերպի առաջարկը''(16)։

 

Գլուխ Ա. Այն ինչ որ կը կատարուի մեր տան մէջ

Այս գլուխը նկատի կʼառնէ գիտական վերջին նուաճումները կենսոլորտի նկատմամբ, իբրեւ կերպ մը՝ լսելու արարչութեան աղաղակը, եւ «այն ինչ որ կը պատահի երկրի վրայ՝ փոխակերպենք անհատական տառապանքի, եւ այսպէսով ճանչնանք, թէ ի՞նչն է այն նպաստը, որ իւրաքանչիւրը կրնայ մատուցանել» (19)։ Այսպէսով կը դիմագրաւուին «բնութեան ներկայ տագնապի տարբեր գործօնները» (15)։

Կլիմայական փոփոխութիւններ – «Կլիմայական փոփոխութիւնները համերկրային խնդիր մըն է՝ կենսոլորտային, ընկերային, տնտեսական, բաշխումային եւ քաղաքական ծանր հետեւանքներով, եւ այսօր կը կազմէ մարդկութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին» (25)։ Եթէ «կլիման հասարակաց բարիք մըն է, եւ կը պատկանի բոլորին՝ բոլորին համար» (23)՝ անոր փոփոխութեան ծանրագոյն ազդեցութիւնը կը ճնշէ ամենէն աղքատներուն վրայ. մինչ շատեր «որոնք իրենց ձեռքին մէջ ունին առաւել աղբիւրներ եւ տնտեսական ու քաղաքական ոյժ, կʼերեւի թէ կը կենդրոնանան առաւելագոյն կերպով դիմակաւորելու խնդիրները եւ ծածկելու ախտանշանները» (26)։ Մեր եղբայրներու եւ քոյրերու այս ողբերգութեան արձագանգելու բացակայութիւնը, նշան մըն է թէ կորսնցուցած ենք մեր նմաններուն հանդէպ պատասխանատուութեան այն զգացողութիւնը, որուն վրայ կը հիմնուի իւրաքանչիւր քաղաքացիական հասարակութիւն» (25)։

 

Ջուրի խնդիրը – Քահանայապետը յստակ բառերով կը հաստատէ, թէ՝ «ըմպելի եւ ապահով ջուրի մատչելիութիւնը մարդկային էական իրաւունք մըն է՝ հիմնական եւ տիեզերական՝ որովհետեւ կʼերաշխաւորէ անհատներու գոյատեւումը. եւ ասոր համար նախապայման մըն է մարդկային այլ իրաւունքներու գործադրումին»։ Աղքատները զրկել ջուրի մատչելիութեան իրաւունքէն՝ կը նշանակէ ուրանալ «կեանքի իրաւունքը, որ խարսխուած է անոնց անայլայլելի արժանապատուութեան մէջ» (30)

Կենսաբազմազանութեան պահպանումը – « իւրաքանչիւր տարի կʼանհետանան բուսական եւ անասնական հազարաւոր տեսակներ, որոնք այլեւս պիտի չկարենանք ճանչնալ, որոնք մեր զաւակները պիտի չկարենան տեսնել՝ ցմիշտ կորսուած » (34)։

Բնապահպանման պարտքը – միջազգային յարաբերութիւններու բարոյականի մը շրջանակէն ներս՝ Շրջաբերականը կը նկատէ, թէ գոյութիւն ունի «իսկական ʼբնապահպանումի պարտքʼ մը» (51), մասնաւորապէս երկրագունդի հիւսիսի եւ հարաւի համեմատութեան մէջ։ Ի տես կլիմայական փոփոխութիւններու՝ գոյութիւն ունին «տարբերակուած պատասխանատուութիւններ» (52), եւ յառաջադէմ երկիրներու պատասխանատուութիւնները աւելի են։

Այս հարցադրումներու խոր տարբերութիւններու գիտակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, խորապէս զգացուած է «յետաշրջումի թուլութենէն» ի դէմս շատ մը անհատներու եւ ժողովուրդներու ողբերգութեան։ Թէեւ դրական օրինակներ չեն պակսիր (58), սակայն ան կը մատնանշէ «որոշ ընդարմացում եւ անհոգ անպատասխանատուութիւն մը» (59)։ Կը պակսի համապատասխան մշակոյթ մը (53) եւ տրամադրելիութիւնը՝ փոխելու ապրելակերպեր, արտադրանք եւ սպառում (59), եւ կը յորդորէ «ստեղծել կարգաւորիչ համակարգ մը, որ երաշխաւորէ բնութեան համակարգի պահպանումը» (53)։

 

Երկրորդ Գլուխ – Արարչութեան Աւետարանը

Դիմագրաւելու համար նախորդ գլխուն մէջ նկարագրուած հարցադրումները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը վերընթերցէ Սուրբ Գրքի պատմածները, կը մատուցանէ ընդհանուր տեսլական մը, որ կը սերի եբրա-քրիստոնէական աւանդութենէն եւ կ՛արտայայտէ մարդկային էութեան «ահաւոր պատասխանատուութիւնը» (90) արարչութեան նկատմամբ, սերտ կապը բոլոր արարածներուն միջեւ եւ այն իրականութիւնը, որ «կենսոլորտը հաւաքական բարիք մըն է, բոլոր մարդկութեան ստացուածքը եւ բոլորին պատասխանատուութիւնը» (95)։

Աստուածաշունչի մէջ, «Աստուած որ կʼազատէ եւ կը փրկէ՝ նոյնն է, որ ստեղծած է տիեզերքը։ ... Անոր մէջ կը միանան գորով եւ զօրութիւն» (73)։ Արարչագործութեան պատմուածքը կենդրոնական տեղ կը գրաւէ՝ խորհրդածելու համար մարդկային էակի եւ այլ արարածներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնը, եւ թէ ինչպէս մեղքը կը խախտէ արարչութեան միասնութեան հաւասարակշռութիւնը - «Այս պատմուածքները կʼարտայայտեն, որ մարդկային գոյութիւնը խարսխուած է երեք հիմնական յարաբերակցութիւններու մէջ, որոնք սերտօրէն առընչուած են –  յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, ընկերոջ հետ եւ երկրագունդի հետ. Ըստ Աստուածաշունչի, այս երեք կենսական յարաբերութիւնները խորտակուած են, ոչ միայն մեր անձէն դուրս, այլ նաեւ մեր անձէն ներս։ Այս խորտակումը մեղքն է» (66)։

Ասոր համար, նոյնիսկ եթէ «երբեմն քրիստոնեաներ Սուրբ Գիրքը սխալ կերպով մեկնաբանած են, այսօր պէտք է ուժեղ կերպով մերժենք, որ Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալու փաստէն եւ երկիրը հպատակեցնելու պարտականութենէն, կարելի է հետեւցնել բացարձակ իշխանութիւն մը այլ արարածներու վրայ» (67)։ Մարդ արարածին կը յանձնուի «երկրագունդի պարտէզը խնամելու եւ պահպանելու (հմմտ. Ծննդ Բ. 15)» պատասխանատուութիւնը (67), գիտակցելով, որ «այլ արարածներու գերագոյն նպատակը ''մենք չենք''։ Անոնք բոլորը յառաջ կʼընթանան մեր հետ միասին, եւ մեր միջոցաւ՝ դէպի հասարակաց նպատակը` դէպի Աստուած» (83)։

Մարդկային էակը տիեզերքի տէրը չէ խօսքը՝ «չի նշանակեր հաւասար դարձնել բոլոր կենդանի էակները եւ կորզել անոնցմէ անոնց յատկանշական արժէքը» որ զիրենք կը բնորոշէ. եւ «ոչ ալ կʼընդգրկէ երկրագունդի աստուածացումը, որ մեզ կը զրկէ մեր կոչումէն՝ համագործակցիլ անոր հետ եւ պահպանել անոր դիւրաբեկութիւնը» (90)։ Այս հեռանկարով, «իւրաքանչիւր վատ վերաբերմունք որեւէ արարածի հանդէպ ʼհակառակ է մարդկային արժանապատուութեան, » (92), եւ «չի կրնար գոյութիւն ունենալ վաւերական մտերմիկ միութեան զգացում մը բնութեան այլ էակներու հետ, եթէ միեւնոյն ժամանակ չկայ քնքշութիւն սրտին մէջ, կարեկցութիւն եւ մտահոգութիւն մարդկային էակներու հանդէպ» (91)։ Կարիքը կայ տիեզերական հաղորդակցութեան գիտակցելու թէ՝ «մենք՝ տիեզերքի բոլոր էակներս, որ ստեղծուած ենք նոյն Հօր կողմէ՝ միացած ենք անտեսանելի կապերով եւ կը կազմենք կերպով մը տիեզերական ընտանիք մը, որ մեզ կը մղէ սրբազան յարգանքի մը՝ սիրալիր եւ համեստ» (89)։

Այս գլուխը կʼեզրափակէ քրիստոնէական յայտնութեան սիրտը – «երկրաւոր Յիսուս, աշխարհի հանդէպ յոյժ շօշափելի եւ սիրալիր յայտնութեամբ՝ յարուցեալ է եւ փառաւորեալ, եւ ներկայ բոլոր արարչութեան մէջ՝ իր տիեզերական տէրութեամբ» (100)։

 

Երրորդ Գլուխ – Բնութեան համակարգի տագնապի մարդկային արմատը

Այս գլուխը կը ներկայացնէ վերլուծում մը ներկայ վիճակին՝ «ճանչնալու՝ ոչ միայն ախտանշանները, այլ նաեւ աւելի խոր պատճառները» (15)՝ փիլիսոփայութեան եւ մարդկային գիտութիւններու հետ կատարուած երկխօսութեամբ։

Այս գլխուն առաջին յենակէտն է՝ կատարել խորհրդածութիւններ արհեստաբանութեան վրայ – Սրբազան Պապը այդ մարզէն ներս երախտագիտութեամբ կը ճանչնայ կեանքի պայմաններու բարելաւման դրութիւնը (102-103), սակայն ան կու տայ «անոնց որոնք կը պահեն գիտակցութիւնը եւ առաւելապէս տնտեսական ոյժը՝ շահագործելու տպաւորիչ իշխանութիւն մը՝ մարդկային սեռի եւ ամբողջ աշխարհի վրայ» (104)։ ''Թեքնոքրաթիք'' իշխանութեան տրամաբանութիւնն է, որ կʼառաջնորդէ կործանելու բնութիւնը եւ չարաշահել անհատները եւ ամենէն տկար ժողովուրդները։ «թեքնոքրաթիք հարացոյցը կը միտի սեփական իշխանութիւնը գործադրելու նաեւ տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան վրայ» (109), արգելք հանդիսանալով, որ ճանչնանք, թէ «շուկան առանձին՝ չերաշխաւորեր մարդկային ամբողջական զարգացումը եւ ընկերային ընդգրկումը» (109)։

Արդէն արմատին վրայ կը կատարուի ներկայ ժամանակաշրջանի չափազանցուած մարդակենդրոնութեան ախտաճանաչումը (116) – մարդկային էակը այլեւս չի ճանչնար իր սեփական ճշգրիտ դիրքը աշխարհի հանդէպ, եւ կʼորդեգրէ ինքնավկայութեան դիրք մը, կենդրոնացած բացառապէս իր անձին եւ սեփական ոյժին վրայ։ Ասկէ կը հետեւի «գործածէ եւ շպրտէ» վարուելակերպի տրամաբանութիւն մը, արդարացնելով` վատնումի իւրաքանչիւր կերպ, ըլլա՛յ կենսոլորտային եւ կամ մարդկային. այսինքն՝ կը վարուի մարդուն եւ բնութեան հետ որպէս պարզ առարկաներ եւ կը հասնի իշխանութեան բիւրաւոր կերպերու։ Այս տրամաբանութիւնն է, որ կʼառաջնորդէ շահագործելու երեխաները, լքելու տարիքաւորները, ուրիշները նուազեցնելու ստրկութեան աստիճանի, գերագնահատելու շուկայի եւ ինքնակառավարման կարողականութիւնը, գործածելու մարդկային էակները, վաճառելու անասուններու մորթը, որոնք ոչնչացումը ճամբուն վրայ կը գտնուին եւ կատարելու «արիւնալի ադամանդներու» վաճառք։ Աիկա շատ մը ''մաֆիաներու'' տրամաբանութիւնն է, մարմնի գործարաններու եւ թմրանիւթի վաճառքի տրամաբանութիւնը, եւ կամ անծին երեխաներու վիժումի տրամաբանութիւնը, որովհետեւ անոնք չեն համապատասխաներ ծնողներու ծրագիրներուն։ (123)

Այս լոյսին տակ, շրջաբերականը կը դիմագրաւէ այսօրուան աշխարհի երկու հիմնական խնդիրներ։ Նախ եւ առաջ՝ աշխատանքը – բնապահպանման ամբողջականութեան որեւէ գործադրումի մէջ, որ չի բացառեր մարդկային էակը, անհրաժեշտ է ներգրաւել աշխատանքի արժէքը» (124), այսպէս զոր օրինակ «յոյժ հորի արարք մըն է՝ հրաժարիլ ներդրում կատարելէ անհատներու վրայ՝ անմիջական շահ ձեռք բերելու նպատակով» (128)։

Երկրորդը կը հայի գիտական յառաջդիմութեան սահմաններուն, ուր Սրբազան Պապը յստակ կերպով կʼանդրադառնայ ծինային ճարտարագիտութեամբ փոփոխուած մարմիններու (132-136), որ «բարդ նկարագիր ունեցող հարց մըն է» (134)։ Չնայած որ «որոշ շրջաններու մէջ անոնց գործածութիւնը` յառաջ բերած է, տնտեսական աճ մը, որ նպաստած է լուծելու որոշ խնդիրներ, սակայն երեւան կու գան նշանակալից դժուարութիւններ, որոնք պէտք չէ նուազ նկատուին» (134), սկսեալ «սակաւ անհատներու ձեռքին մէջ պտղաբեր հողերու կենդրոնացումէն» (134)։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մտածէ յատկապէս փոքր արտադրողներու եւ գիւղական աշխատաւորներու, կենսաբազմազանութեան եւ կենսոլորտի համակարգի ցանցի մասին։ Հետեւաբար հարկաւոր է «գիտական եւ ընկերային բանավէճ մը, որ ըլլայ պատասխանատու եւ ծաւալուն, ատակ՝ նկատի առնելու բոլոր տրամադրելի տեղեկութիւնները, եւ վերջապէս իրերը յորջորջել իրենց անունով», սկսելով «ինքնավար եւ միջառարկայական մասնագիտութեամբ» (135)։

 

Չորրորդ Գլուխ -  Համապարփակ բնապահապանութիւն

Ներկայացուած շրջաբերականի կորիզը կը կազմէ համապարփակ բնապահպանութիւնը՝ որպէս  տիպար արդարութեան։  Բնապահպանութիւն մը ''որ կ՛ամբողջացնէ  մարդ արարածի այս  աշխարհի  մէջ գրաւած  տեղը, ինչպէս նաեւ` զայն շրջապատող իրականութեան յարաբերութիւնները։ (15)։ Հետեւաբար. ''բնութիւնը չենք կրնար նկատել իբրեւ մեզմէ  անջատ  իրականութիւն մը,եւ կամ  իբր լոկ շրջագիծ մը մեր կեանքին''(139)։ Այս,  ի զօրու է  մեր կեանքին տարբեր մարզերուն  մէջ. տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան, զանազան   մշակոյթներու`  յատկապէս ամենէն վտանգուածներուն մէջ, եւ նոյնիսկ մեր առօրեայի իւրաքանչիւր րոպէին ։

Ամբողջականութեան հեռանկարը  կը ներփակէ  նաեւ հաստատութիւններու բնատնտեսութիւն մը`  ՝՝եթէ ամէն ինչ յարաբերութեան մէջ է, հասարակութեան մը հաստատութիւններու առողջական վիճակը իր հետեւանքներն ունի  կենսոլորտի եւ մարդկային  կեանքի որակին նկատմամբ ։

՝՝Զօրակցութեան եւ քաղաքացիական  բարեկամութեան իւրաքանչիւր  վնաս, պատճառ կը  հանդիսանայ կենսոլորտային վնասներու՝՝(142)

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ բազմաթիւ  շօշափելի օրինակներով  կ՝ընդգծէ իր կարծիքը,  մատնանշելով կապակցութիւնը կենսոլորտային ու մարդկային հարցերու միջեւ որ երբեք կարելի չէ իրարմէ խզել։

Այսպէս `''կենսոլորտային խնդիրներու վերլուծումը անբաժանելի է մարդկային,  ընտանեկան, աշխատանքային, քաղաքային եւ իւրաքանչիւր անհատի ինքնայարաբերութեան միջավայրերու վերլուծումէն՝՝(141) որովհետեւ ''չկան երկու անջատ տագնապներ,  մէկը  կենսոլորտային, միւսը՝ ընկերային, այլ լոկ՝ մէկ  խրթին ընկերակենսոլորտային տագնապ մը՝՝։ (139)

Այս համապարփակ  բնապահպանութիւնը ''անբաժան է'' հասարակաց բարիքի սահմանումէն՝՝(156) որ պէտք է ըմբռնուի՝  շօշափելի կերպով, այսօրուան պայմաններուն  մէջ,  ուր կան բազմաթիւ անհաւասարութիւններ.  եւ միշտ աւելի բազմաթիւ են այն անհատները, որոնք անտեսուած եւ զրկուած  են մարդկային հիմնական իրաւունքներէն՝՝ ։ Յանձնառու ըլլալ  հասարակաց բարիքին համար կը նշանակէ՝ կատարել զօրակցական ընտրանքներ, հիմնուած ամենէն  աղքատներուն նախընտրութեան տարբերակի վրայ՝՝(158)

Այս ՝ լաւագոյն կերպն է,  յաջորդ սերունդներուն թողելու պաշտպանելի աշխարհ մը, ոչ թէ լոկ խօսքերով, այլ՝ այսօրուան աղքատներու հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեան յանձնառութեամբ, ինչպէս կ՛ընդգծէր արդէն  Պենետիկդոս ԺԶ  քահանայապետը. ''միջսերնդային  հաւատարիմ զօրակցութենէն աւելի՝  պէտք է երկրորդել   բարոյական շտապ հարկաւորութիւնը նորոգեալ համասերնդային զօրակցութեան ։ (162)

Համապարփակ բնապահպանութիւնը  կը նպաստէ նաեւ առօրեայ կեանքին, որուն շրջաբերականը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ, յատկապէս քաղաքային շրջանակէն ներս ։

Մարդկային էակը մեծ կարողականութիւն ունի յարմարելու , եւ  ''հիանալի  է ստեղծագործական կարողութիւնն ու առատաձեռնութիւնը  այն անհատներուն եւ խմբակներուն որոնք կարող են խորտակել կենսոլորտի սահմանները, սորվելով կողմնորոշել իրենց գոյութիւնը անկանոնութեան  եւ անորոշութեան  ընդմէջէն՝՝(148)։  Հետեւաբար վաւերական  զարգացում մը կը նախատեսէ մարդկային կեանքի համապարփակ բարելաւում մը` ինչպէս  հասարակաց տարածքներու, բնակութիւններու փոխադրական միջոցներ, եւն. (150-154)

Նաեւ մեր մարմինը մեզ կը դնէ  ուղիղ յարաբերութեան մէջ, կենսոլորտի եւ այլ կենդանի էակներու հետ։

Անհատական մարմնի ընկալումը՝ իբր Աստուծոյ պարգեւը հարկաւոր է,  ընկալելու եւ  ընդունելու իբր Հօր պարգեւը՝ ամբողջ աշխարհին եւ իբր հասարակութեան տունը. Մինչ անհատական մարմնի վրայ տիրապետելու տրամաբանութիւն մը երբեմն կը փոխակերպուի խիստ տիրապետութեան տրամաբանութեան։ (155)

 

Հինգերորդ Գլուխ -  ''Կողմնորոշումի եւ գործելակերպի  ուղեգիծեր''.

Այս գլուխը, կը հարցադրէ թէ  ի՞նչ կրնանք կամ ի՞նչ պէտք է ընենք։ Վերլուծումները  բաւարար չեն։ Կը պահանջուի ՝՝երկխօսութիւն եւ գործ որոնք կը ներգրաւեն՝  ըլլայ մեզմէ  իւրաքանչիւրը` ըլլայ միջազգային քաղաքականութիւնը՝՝ (15)  եւ մեզ կ՝օգնեն դուրս գալու  ինքնակործանումի պարոյրէն, որուն մէջ սուզուած ենք (163)։

Ֆրանչիսկոս քահանայապետի համար, անխուսափելի է որ շօշափելի ուղեւորութիւններու կառուցումը չդիմագրաւուի գաղափարախօսական, մակերեսային եւ մասնակի կերպով։

Ասոր համար անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը. բացատրութիւն մը` որ գործածուած է այս  գլխուն իւրաքանչիւր բաժնին մէջ։

Ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին ''բանավէճեր կան, ուր կարելի է գտնել համաձայնութիւն մը  Եկեղեցին չի ձգտիր սահմանել գիտական հարցերը, եւ ոչ ալ  փոխարինել քաղաքականութիւնը, սակայն ''կը հրաւիրեմ անկեղծ եւ թափանցիկ վիճաբանութեան մը, որպէսզի մասնայատուկ հարկաւորութիւնները եւ գաղափարախօսութիւնները  չվնասեն հասարակաց բարիքին''։(188)

Ասոր  հիման վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը  չի զգուշանար ծանր դատողութիւն  բանաձեւելու միջազգային ժամանակակից ուժաբանութիւններու  նկատմամբ։

Ան կը գրէ՝ ՝՝Այս վերջին տարիներու ընթացքի կենսոլորտի հայող միջազգային վեհաժողովները չպատասխանեցին  մեր ակնկալութիւններուն՝ քաղաքական վճիռներու բացակայութեան պատճառաւ, չի կրցան հասնիլ կենսոլորտի հայող իսկապէս իմաստալից եւ զօրեղ համաձայնութիւններու՝՝(166)։   

Եւ հարց կու տայ. '' ինչո՞ւ համար, այսօր, պէտք է պահպանել  իշխանութիւն մը, որ պիտի յիշուի  իր միջամտութեան  անկարողութեամբ,  երբ,  հարկաւոր  եւ շտապ էր  զայն իրագործելը։՝՝(57)

Կարիքը կայ, ինչպէս նախորդ քահանայապետերը  յաճախ կրկնած են`  ''pacem in terris'' փաստաթուղթէն սկսեալ, համապարփակ  կառավարութեան արդիւնաւոր  ձեւերու եւ միջոցներու  (175)'',  կարիքը ունինք համաձայնութեան մը`  հայող կառավարման վարչաձեւերուն, համապարփակ հասարակաց բարիքներու բոլոր մարզերէն  նկատմամբ՝՝։ (174)

Նկատի առնելով՝ որ կենսոլորտային  պահպանումը չի կրնար երաշխաւորուիլ հիմնուելով   լոկ նիւթական շահաբեր կամ արդիւնաբեր հաշուետուութեան վրայ(175)։ 

Կենսոլորտը  այն բարիքներէն մին է, որ վաճարական դրութիւնները ի վիճակի չեն պաշտպանել  եւ  համեմատաբար զարգացնել (190)։

Այս գլուխին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ  կ՝ընդգծէ պարկեշտ եւ թափանցիկ որոշումներու յառաջխաղացումի զարգացումը, որպէսզի եզրակացուի թէ  քաղաքական եւ գործակալական ծրագիրներու  ընդմէջէն,   որ մէկը   ի վիճակի  է  առաջնորդել  դէպի ճշմարիտ համապարփակ զարգացում (185)։ Յատկապէս՝ նոր ծրագիրի մը կենսոլորտային ազդեցութեան ուսումնասիրութիւնը  ՝՝ կարիքն ունի  քաղաքական թափանցիկ յառաջխաղացումի,  ենթարկուած` երկխօսութեան, մինչ՝ կաշառակերութիւնը որ կը ծածկէ  կենսոլորտային հարցի ծրագիրը,  փոխարէն՝ հաճութիւններուն , որոնք  յաճախ կ՝առաջնորդեն  երկդիմի համաձայնութիւններու որոնք կը խուսափին տեղեկացնելու պատասխանատուութիւնէն  եւ  խոր բանակցութիւններու պարտականութիւնէն ։(182)

Նշմարելի է Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը՝ ուղղուած քաղաքական անձնաւորութիւններուն որպէսզի վերացուին  ժամանակակից՝ արդիւնաբերութեան եւ անմիջականութեան տիրապետող տրամաբանութիւնները(181)`  Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ ՝՝ եթէ   քաջութիւնը ունենայ  գործելու,  դարձեալ  պիտի կարողանայ ճանչնալ արժանապատուութիւնը որ Աստուած անոր պարգեւեց` որպէս անձ եւ այս պատմութեան մէջ իր անցքէն ետք պիտի թողու  վեհանձն պատասխանատուութեան վկայութիւն մը՝՝ (181)։ 

 

Վեցերորդ Գլուխ -  Դաստիարակչութիւն եւ բնապահպանութեան հոգեւորականութիւն։

Շրջաբերականի վերջին գլուխը կ՛ուղղուի  բնապահպանողական ''ապաշխարութեան - դարձին'', որուն կը հրաւիրէ շրջաբերականը։

Մշակութային տագնապներու արմատները կ՝աճին խորութեան մէջ եւ դիւրին  չէ վերաձեւաւորել  սովորութիւններն ու վարուելակերպերը։ Դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը կը մնան կեդրոնական մարտահրաւէրներ. ''Իւրաքանչիւր փոփոխութիւն պէտք ունի պատճառաբանութիւններու եւ դաստիարակչական ուղեւորութեան''(15). հոս պարփակուած են  բոլոր դաստիարակչական մարզերը` առաջնահերթ կարգին ''դպրոցը, ընտանիքը, հաղորդամիջոցները եւ կրօնուսուցումը''։ (213)

Մեկնակէտն է  ՝՝ձգտիլ  կեանքի այլ ապրելակերպի մը՝՝, (203-208) որ   առիթ կու տայ  նաեւ  ''առողջ բանեցում կատարել ՝ անոնց որոնց ձեռքերուն մէջ է քաղաքական, ընկերային  եւ տնտեսական աշխարհի իշխանութիւնը''։(206)

Այս է այն ինչ որ կը պատահի երբ՝  ''սպառողներու'' ընտրանքները կը կարողանան ՝՝փոխել գործարարներուն վարուելակերպը` զանոնք մղելով  նկատի առնելու կենսոլորտի մօտեցումը եւ արտադրութեան տիպարները։(206)

Կարելի չէ արժէքազրկել  կենսոլորտային դաստիարակչութեան ընթացքներու կարեւորութիւնը, որոնք կարող են ազդել առօրեայ սովորութիւններուն վրայ, սկսեալ ջուրի գործածութեան նուազեցումէն,  աղբերու տարբերակուած հաւաքէն ու մինչեւ ''անօգտակար լոյսերը մարելէն''։ (211)

Համապարփակ բնապահպանութիւնը կարելի է նաեւ` ամենօրեայ պարզ ժեսդերով, որոնց ընդմէջէն կ՛ընդմիջենք  բռնութեան, շահագործումի եւ եսասիրութեան տրամաբանութիւնը։(230)

Այս բոլորը՝ աւելի պարզ կ՛ըլլայ, մեկնելով հայեցողական նայուածքէն որ յառաջ կու գայ՝ հաւատքէն։՝՝ Հաւատացեալին համար, աշխարհը չի դիտուիր դուրսէն  այլ  ներսէն, ընդունելով այն կապերը՝ որոնցմով   ՝՝Հայրը,  մեզ միացուց բոլոր էակներուն''. Ու նաեւ` Աստուծոյ իւրաքանչիւր հաւատացեալի շնորհած իւրայատուկ կարողութիւնները զարգացնելով է որ բնապահպանողական ''ապաշխարութիւնը'' մեզ կ՝առաջնորդէ զարգացնելու ստեղծագործութիւնն ու եռանդը (220)

Հոս՝ կը գտնենք ''Աւետարանի Ուրախութիւն - Evangelii Gaudium'' յորդորագիրի առաջարկը։  Ժուժկալութիւնը, ազատութեամբ եւ գիտակցաբար ապրուած՝  ազատարար է'', (223) այնպէս ինչպէս  ՝՝Երջանկութեան պահանջն է գիտնալ սահմանել մեզ շշմեցնող որոշ անհրաժեշտութիւններ, տրամադիր ըլլալու համար կեանքի ընծայած  բազմազան  կարելիութիւններուն դիմաց (223), այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ դարձեալ  հասկնալ որ կարիքը  ունինք մէկը միւսին եւ  որ պատասխանատուութիւն մը ունինք  ուրիշներու եւ աշխարհին հանդէպ, եւ թէ կ՝արժէ բարի եւ պարկեշտ ըլլալ։ (229)

Սուրբերը մեզ կ՝առաջնորդեն այս ուղեւորութեան մէջ։ ''Սուրբ Ֆրանչիսկոս'' որ յաճախ նշուած է, լաւագոյն տիպարն է ամենէն տկարին հանդէպ խնամակալութեան՝ եւ ուրախութեամբ ապրուած համապարփակ բնապահպանութեան'' (10) Տիպար` թէ որքանով '' անբաժան են բնութեան հանդէպ մտահոգութիւնը,  աղքատներու նկատմամբ արդարութիւնը,  ընկերութեան մէջ յանձնառումը եւ ներքին խաղաղութիւնը։(10)

Շրջաբերականը սակայն կը յիշէ նաեւ Սուրբ Պենետիկտոս, Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզան  եւ երանելի Շարլ Տը Ֆուքօն

՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ շրջաբերական թուղթէն անդին, ''խղճի քննութիւնը'', այն միջոցը զոր եկեղեցին  միշտ առաջարկած է մեր կեանքը կողմնորոշելու՝   Տիրոջ հետ յարաբերութեան լոյսին ներքեւ,  պէտք է ներփակէ նոր ծաւալ մը, նկատի առնելով ոչ միայն թէ ինչպէս ապրուած է  Աստուծոյ, ուիշներու եւ իր անձին հետ  հաղորդութիւնը, այլեւ` բոլոր արարչութեան եւ բնութեան հետ կապը։   

 

 

 

ՑՈՒՑԱԿ

 

Գովեալ ըլլաս Տէր Իմ (1-2)

Այս աշխարհի ոչ մէկ բան անտրաբեր է մեզ համար (3-6)

Միեւնոյն մտահոգութեամբ միացած (7-9)

Ասիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը (10-12)

Իմ կոչս (13-16)

 

Գլուխ Առաջին

Այն ինչ որ մեր տունին կը պատահի (17-61)

1 - Ապականութիւն եւ կլիմայական փոփոխութիւններ (20-26)

            Ապականութիւն, մնացորդացի մշակոյթ եւ աղբ (20-22)

             Կլիման որպէս հասարակաց բարիք (23-26)

2 - Ջուրի խնդիրը (27-31)

3- Կենսանաբազմազանութեան կորուստը (32-42)

4 - Մարդկային կեանքի որակի վատթարացումը եւ ընկերային անկում (43-47)

5 - Մոլորակային անհաւասարութիւն (48-52)

6 - Յետաշրջումի թուլութիւն (53-59)

7 - Գաղափարներու բազմազանութիւն (60-61)

 

Գլուխ Երկրորդ

Արարչութեան Աւետարանը (62-100)

1 - Հաւատքի ընծայած լոյսը (63-64)

2 - Սուրբ գիրքի պատմուածքներու իմաստութիւնը (65 – 75)

3 -Տիեզերքի խորհուրդը (76 – 83)

4 – Իւրաքանչիւր արարածի պատգամը համայն արարչագործութեան ներդաշնակութեան ներքոյ (84-88)

5 - Տիեզերական հաղորդութիւն (89-92)

6 - Բարիքներու հասարակական նպատակակէտ (93-95)

7 - Յիսուսի Հայեացքը (96-100)

 

Գլուխ Երրորդ

Բնութեան Համակարգի ճգնաժամի մարդկային արմատները (101-136)

1 - Արուեստագիտութիւն. Ստեղծագործութիւն եւ իշխանութիւն (102-105)

2 - Թեքնոքրաթիք տիպարի համաշխարհայնացումը (106-114)

3 Արդի մարդաբանակեդրոնականութեան ճգնաժամն ու անոր հետեւանքները (115-136)

                Գործնական յարաբերականութիւնը (122-123)

                Աշխատանքը պաշտպանելու հարկաւորութիւնը (124-139)

                Կենսաբանութեան նորարարումը սկսեալ հետազօտութենէն (130-136)

 

Գլուխ Չորրորդ

Համապարփակ  բնապահպանութիւն (137-62)

1 – Կենսոլորտային, տնտեսական եւ ընկերային բնապահպանութիւն (138-142)

2 - Մշակութային բնապահպանութիւն (143-146)

3 - Առօրեայի բնապահպանութիւն (147-155)

4 - Հասարակաց բարիքի սկզբունքը (156-158)

5 - Սերունդներու միջեւ արդարութիւնը (159-162)

 

 

Գլուխ Հինգերորդ

Կողմնորոշումի եւ գործելակերպի ուղեգիծեր (163-201)

1 - Բնապահպանութեան մասին երկխօսութիւնը միջազգային քաղաքականութեան մէջ (164-175)

2 - Երկխօսութիւն ի սպաս ազգային եւ տեղական նոր քաղաքականութիւններու (176-181)

3 - Երկխօսութիւն եւ թափանցիկութիւն որոշումներու գործընթացին մէջ (182-188)

4 - Քաղաքականութիւն եւ տնտեսութիւնը երկխօսութեան մէջ, մարդկային ամբողջականութեան ի խնդիր (189-198)

5 - Կրօնները գիտութիւններու հետ երկխօսութեան մէջ (199-201)

 

Վեցերորդ գլուխ

Բնապահպանութեան հոգեւորութիւն եւ դաստիարակութիւն (202-246)

1 - Դիմել կեանքի նոր ապրելակերպի (201-208)

2  - Դաստիարակել` ի սպաս մարդկութեան եւ բնութեան միջեւ դաշինքի (209-2015)

3 - Բնապահպանողական դարձը (216-221)

4 - Երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն (222-227)

5 - Քաղաքական եւ քաղաքացիական սէր (228-232)

6 - Խորհուրդներու նշանները եւ հանգիստի տօնակատարութիւն (233-237)

7 - Սուրբ Երրորդութիւնը եւ արարածներու միջեւ յարաբերութիւնը (238-240)

8 - Համայն արարչութեան Թագուհին (241-242)

9 - Արեւէն անդին (243-246)

 

Աղօթք մեր երկրին համար

Արարչութեան հետ Քրիստոնէական աղօթք

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.