2015-06-17 11:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար


Յառաջիկայ  շաբաթ օր` նշուելիք ՄԱԿ-ի գաղթականներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, հրաւիրեց ներկաները, աղօթելու գաղթական եղբայրներու ու քոյրերուն համար, որոնք հեռու իրենց օճախներէն  կը փորձեն ապաստան գտնել  այլուր։

Աղօթենք , ըսաւ Քահանայապետը - մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք ապաստան կը փնտռեն իրենց հողերէն հեռու եւ կը փնտռեն  օճախ մը ու կարենան ապրիլ առանց վախի եւ ուր յարգուած է անոնց արժանապատուութիւնը''։

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց բոլոր անոնք որոնք գաղթականներուն կ՛ օժանդակեն  եւ մաղթանք յայտնեց, որ Միջազգային ընտանիքը համագործակցաբար եւ արդիւնաբեր կերպով աշխատի ՝ կանխարգիլելու  բռնի տեղահանութեան պատճառները։

Նորին Սրբութիւնը իր կոչին մէջ հրաւէր ուղղեց նաեւ ներողութիւն խնդրելու բոլոր այն անձերուն եւ իշխանութիւններուն համար , որոնք իրենց դռները կը փակեն այս մարդոց դիմաց որոնք ընտանիք մը կը փնտռեն եւ կը փափաքին պաշտպանուիլ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.