2015-06-17 09:38:00

Արեւելքի քրիստոնեաները այլ ցեղասպանութեան մը վտանգի առջեւ» խորագիրով հաւաք


ԱՄՆ Քոնկրէսի շէնքին մէջ Յունիս 11-­13 տեղի ունեցած է «Coptic Solidarity» կազմակերպութեան տարեկան հաւաքը, որ այս տարի իրականացած է «100 տարի անց. Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները այլ ցեղասպանութեան մը վտանգի առջեւ» խորագիրին տակ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, ձեռնարկին մասնակցած են ԱՄՆ երկու կուսակցութիւնները ներկայացնող տասնմէկ քոնկրէսական, մէկ ծերակուտական, բազմաթիւ գործող եւ նախկին պաշտօնատար անձիք, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող տարբեր էթնիկական խումբերը ներկայացնող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ` Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Քէն Խաչիկեանը եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի ներկայացուցիչ Դանիէլ Քուշաքչեանը:

Ամփոփիչ երեկոյի հիմնական բանախօսները եղած են ԱՄՆ-ի մէջ Սլովենիոյ դեսպանը, Կիպրոսի փոխդեսպանը եւ դեսպանորդներ ու խորհրդականներ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Յունաստանի եւ Գանատայի դեսպանութիւններէն, ինչպէս նաեւ Բրիտանիայի Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Պերիճը: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ զօրակցութիւն յայտնած են Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն: Անոնք խոր մտահոգութիւն յայտնած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, «Իսլամական Պետութիւն» կազմաւորման եւ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնող այլ կառոյցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մէջ բնակող քրիստոնեաներու եւ եզտիներու նկատմամբ իրականացուող անօրինականութիւններու եւ բռնութիւններու առնչութեամբ: Նշուած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է համատեղ ջանքեր գործադրէ` տարածաշրջանին մէջ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Եւրոպացի դիւանագէտներէն շատերու կողմէ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակը կը դիտարկուէր մարդու իրաւունքներու, մասնաւորապէս, խղճի ազատութեան պաշտպանութեան դաշտին մէջ, եւ կը նշուէր խնդրի լուծման համար միջազգային այդ գործիքակազմի օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դեսպանորդ Հրաչեայ Թաշճեանը իր ելոյթին մէջ նշած է Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու հետ հայ ժողովուրդի ունեցած բարեկամական կապերուն մասին:

Ընդգծուած է Մերձաւոր Արեւելքի շատ երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու առկայութեան փաստը եւ այն վտանգը, որուն առջեւ այսօր կանգնած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բնակող հայերը: Այդ ծիրէն ներս յիշատակուած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, որոնք ուղղուած են Հայաստանի մէջ ապաստան գտած շուրջ 10 հազար սուրիահայ փախստականներու ընդելուզման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման: Նշուած է, որ հայերը, իբրեւ 20-­րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ազգ, բարոյական պարտաւորութիւն կը զգան իրենց ներդրումը ունենալու մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւններու դէմ միջազգային հանրութեան կողմէ մղուող պայքարին:

Ելոյթի աւարտին Հրաչեայ Թաշճեանը նշած է, որ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը մեծ կորուստ կ’ունենայ, եթէ քրիստոնեաները լքեն Մերձաւոր Արեւելքը: Այդ տարածաշրջանը կ’ենթարկուի մշակութային եղծման, այնպէս ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին, երբ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ոչնչացուեցաւ արեւմտահայերու, Փոքր Ասիոյ յոյներու եւ ասորիներու քաղաքակրթութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.