2015-06-16 14:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 16 յունիսի քարոզը՝ ''Աղքատութիւնը՝ Աւետարանին կեդրոնն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Եթէ՝ աղքատութիւնը դուրս հանենք Աւետարանէն կարելի  պիտի չըլլայ հասկնալ Յիսուսի պատգամը։  Ասիկա  եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, երեքշաբթի, 16 յունիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը՝ որուն մէջ ընդգծեց, թէ շիտակ չէ ՝՝համայնավարներ՝՝  համարել ՝՝ ան բոլոր քահանաները, որոնք կը խօսին աղքատներու մասին։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով Պօղոս Առաքեալի կորնթացիներու ուղղուած նամակը, ուր՝ առաքելալը կը խօսի ճշմարիտ ուրախութեան  եւ հարստութեան մասին,

ներկայացուց հարստութեան եւ աղքատուտութեան միջեւ գոյացած հակասութիւնը՝ օրինակ թուելով Երուսաղեմի եկեղեցին, որ  աղքատութեան մէջ կը գտնուէր բայց՝ միաժամանակ հարուստ էր, որովհետեւ՝ լի էր Աւետարանին պատգամով ու հաստատեց  ''երուսաղեմի աղքատ եկեղեցին հարստացուց Կորնթացիներուն եկեղեցին Աւետարանին հարստութեամբ''։

Շարունակելով Պօղոս առաքեալի թուղթի մեկնաբանութիւնը Նորին սրբութիւնը յարեց,

թէ աղքատութենէն յառաջ կու գայ հարստութիւնը  եւ այս մէկը սահմանեց Աղքատութեան Աստուածաբանութիւն ՝  օրինակ բերելով  Կորնթացիներու եկեղեցին որ նիւթապէս հարուստ էր բայց աղքատ՝ առանց աւետարանի պատգամին եւ

Յիսուս Քրիստոս՝ որ հարուստ է Աստուծոյ հարստութեամբ, աղքատացաւ մեզի համար։

Սրբազան Քահանայապետը  հաստատեց թէ քրիստոնէական աղքատութիւնը կը կայանայ աղքատին մատուցուած ոչ մակերեսային օգնութեամբ, որովհետեւ՝ Յիսուս աղքատին մէջ կը գտնուի։

Ասիկա է Աղքատութեան Աստուածաբանութիւնը հաստատեց Սրբազան Հայրը  որովհետեւ Աղքատութիւնը Աւետարանին կեդրոնն է եւ անիկա գաղափարախօսութիւն մը  չէ։  Խորհուրդ մըն է`  Քրիստոսի խորհուրդը՝ որ մարդացաւ , խոնարհեցաւ որպէսզի մեզ հարստացնէ։

Ֆրանչիսկսո Պապ Քարոզի աւարտին յայտնեց, թէ Քրիստոս կը շարունակէ խոնարհիլ եկեղեցւոյ պատմութեան  մէջ, այնքան կը խոնարհի որ կը դառնայ հաց մեզի համար, Սուրբ պատարագի զոհին մէջ,  հաց՝ որ մեզ կը հարստացնէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.