2015-06-16 09:59:00

Սիրելի բարեկամներ


«Այս է իմ պատուիրանս,որ դուք սիրէք զիրար, ինչպէս ես սիրեցի ձեզ: Ոչ ոք ունի սէրն աւելի մեծ, քան ասիկա. տալ իր կեանքը իր բարեկամներուն համար: Դուք էք իմ բարեկամներս, եթէ ընէք, ինչ որ պատուիրեմ ձեզի: Ես այլեւս չեմ կոչեր ձեզ ծառաներ, որովհետեւ ծառան չի գիտեր, ինչ որ կ'ընէ անոր տէրը, այլ ձեզ կոչեցի բարեկամներ, որովհետեւ ծանուցի ձեզյ ինչ որ լսեցի Հօրմէս: Դուք չէք, որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ըտրեցի ձեզ, եւ հաստատեցի ձեզ, որպէսզի երթաք եւ ըլլաք պտղաբեր եւ ձեր պտուղը մնայ, որպէսզի ինչ որ խնրէք Հօրմէն իմ անունովս, տայ ձեզի: Ես ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի որ դուք սիրէք զիորր»: (Յովհ 15, 12-17)

 Մեր աղօթքը ընելէն առաջ, գիտնալու ենք մեր սիրտը միշտ Աստուծոյ նուիրել եւ փառաւորել զինք որովհետեւ միացած պէտք է զգալ մէկը միւսին, նոյնիսկ եթէ զգանք թէ յաճախ հեռու ենք իրմէ ըւ կամ ալ չենք միանար իրեն սրտով եւ աղօթքով ինչպէս կը խնդրէ Սուրբ Եկեղեցին:

Վերի հոտուածին մէջ, Յիսուս կ'ուզէ իւրաքանչիւրիս ըսել թէ իրեն հետ բարեկամութիւնը կը կայանայ Տէրը ճանչնալու եւ իր գործերը հասկնալուն մէջ, մեզմէ կը պահանջուի որ իրեն հետեւելով որոշ արարք մըն ընել:

Յիսուս իր աշակերտներուն կ'ըսէր. «Ձեզի կը կոչեմ 'բարեկամներ' որովհետեւ ձեզի յայտնեցի ինչ որ Հօրմէս լսեցի». Ան նաեւ կ'ըսէր. «Գիտէք ինչ որ ձեր վարդապետը կ'ընէ...»

Արդեօ՞ք փորձեցինք ճշմարիտ Քրիստոսը ճանչնալ մանաւանդ որ Ինքը առաջին վայրկեանէն մեզի տեղեակ պահեց իր Հօր յարաբերութեան եւ խօսակցութեան մասին, ատոր համար կը փափաքի որ մենք ալ, մեր կարգին, ճանչնանք իր հայրութիւնը, իր Աստուածութիւնը, անսահման սէրը, բոլոր ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւրին քով մօտ ըլլալը, եւ մանաւանդ կարողութիւնը սիրոյ եւ ողորմութեան... Արդեօք մեր կրցա՞նք Աստուծոյ ճանաչումին մօտենալ եւ զայն հասկնալ:

Բացուինք Տիրոջ, մօտենանք իրեն որպէսզի մեզի հասկնալի ձեւով երեւնայ, իր փափաքն է որ մենք երթանք իրեն շնորհելու համար մեզի իր սէրը լիուլի ձեւով:

«Դուք իմ բարեկամներս էք եթէ ընէք ինչ որ ձեզմէ կը խնդրեմ»: Աստուծոյ ճանաչման փափաք մըն է, ընդառաջենք այս փափաքին եթէ իսկապէս կ'ուզենք իր կեանքին միատարրութիեան մէջ գտնուիլ, ապրելու համար մէկը միւսին սէրը եւ յարգանքը:

Չմոռնանք թէ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ իր առաքեալներուն որոնք եկած էին զանազան տեղերէն եւ ցեղերէն. անոնք չէին ճանչնար Քրիստոսը եւ ոչ ալ ընտրած էին իրենց կոչումը այլ ուզեցին պարզապէս հաւաքուիլ Յիսուսին շուրջը, եկած էին լսելու եւ ընդունելու Քրիստոսի փափաքը եղբայրասիրութեան եւ բարեկամութեան: Այն վայրկեանէն հասկցան թէ սէրը կը գտնուի բարեկամութեան մէջ որովհետեւ չկայ աւելի մեծ սէր մը երբ մէկը միւսին տայ իր կեանքն ու սէրը:

Ըլլանք այդ մարդիկը որոնք մեծ պատասխանատուութեամբ կարող ըլլան հանդուրժելու եւ ընդունելու բարեկամները հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու քանի որ ամէնքս ունինք նոյն վարդապետը որ մեզի սորվեցուց ճշմարիտ սիրոյն եւ բարեկամութեան արուեստը:

Ո՜վ Յիսուս, դուն զիս ըտրեցիր որ ապրիմ քու կամքիդ համաձայն, կը ճանչնաս իմ մարդկային տկարութիւններս... Կը հաւատամ որ դուն զիս կոչեցիր որովհետեւ կը փափաքիս ինծի յայտնել քու բարեկամութիւնդ, ապրելու համար քու հետդ քու տուած ուսուցումներուդ համաձայն, առանց զիս ձգելու:

Ո՜վ Տէր, իմ վստահութիւնդ քու ձեռքերուդ մէջ կը դնեմ, իմ յաջողութիւններս եւ ուրախութիւններս քեզմէ պիտի փխին... Իմ սիրտս պատրաստ է քեզ միշտ սիրելու եւ հետդ մնալու: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան    








All the contents on this site are copyrighted ©.