2015-06-15 10:13:00

Վրաստանի մէջ սուգի օր. հեղեղումներու պատճառաւ զոհուած են նաեւ երկու հայեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին Յունիս 15-ը Սգոյ օր յայտարարած է` ի յիշատակ Թիֆլիսի մէջ հեղեղումներու հետեւանքով զոհուածներուն: Ջրհեղեղը Թիֆլիսի մէջ տեղի  ունեցած է Շաբաթ լոյս Կիրակի գիշերը, աննախադէպ յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով: Վերջին տուեալներով, 14 մարդ  զոհուած է։  Զովուածներու շարքին են  երկու հայ կին` Եղիազարովա քոյրերը, 15-20-ն ալ կը համարուին անհետ կորսուած: Ընդհանուր առմամբ տուժած է 266 մարդ, որոնցմէ 37-ը հիւանդանոցներու մէջ են, 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Հեղեղը վնասած է մայրաքաղաքի ճանապարհներն ու ենթակառուցուածքները: Ջուրի տակ անցած է նաեւ քաղաքի կենդանաբանական այգին, որուն հետեւանքով կենդանիներու մեծ մասը ազատութեան մէջ  յայտնուած է:

Նոյն օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիին` Թիֆլիսի մէջ  տեղի ունեցած ջրհեղեղին պատճառած մարդկային զոհերուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.