2015-06-13 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Իտալական դատական ատեանի բարձրագոյն խորհուրդի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 13 յունիսի առաւօտեան, վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց իտալական դատական ատեանի բարձրագոյն խորհուրդի աւելի քան 200 անադմներ։

Այս առթիւ, անոնց արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը բարձր արժեւորեց խորհուրդի անդամներուն մատուցած ծառայութիւնները որոնք հիմքը կը կազմեն  դատական հարցերու կայունութեան եւ հաւասարակշռութեան։

 Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով  ապա համաշխարհայնացումէ յառաջացած  կարգ մը խանգարումներուն եւ անորոշութիւններուն    յարեց թէ  ''տարբեր մշակոյթներուն եւ խաւերուն մէջ  կարեւոր է որ կառավարական իշխանութիւնները  ինչպէս նաեւ դատական պաշտօնեաները,  շահագործեն իրենց կարելիութիւնները՝  շնորհելու համար կայունութիւն եւ աւելի զօրեղ դարձնելու  մարդկային  համակեցութեան արմատները վերագտնելով  մարդկային հիմնական արժէքները։

Ֆրանչիսկոս պապը  անդրադառնալով  ''ոճրագործութեան'' թիւին աճումին, եւ կաշառակերութեան երեւոյթին մաղթանք յայտնեց, որ արդիւնաւոր լուծումներ գտնուին  այս ուղղութեամբ եւ  հրամայական նկատեց նոր սերունդներուն շնորհել  կեանքի նոր տիպար մը, որ  կարող ըլլայ պատասխան տալ՝ մարդու հոգիէն բխած ներշնչումներուն,  որոնց  շարքին  է  Քրիստոնէութեան պարգեւած  ճշմարիտ  հիմքը՝ Աստուծոյ Սէրը, որ անխզելի է մերձաւորին հանդէպ սէրէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառին աւարտին նշեց,  թէ արդարութիւնը չի կատարուիր վերացական կերպով այլ  միշտ նկատի առնելով մարդ արարածը իր ճշմարիտ արժէքներով , որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ կանչուած է իրականացնելու՝ հոս այս աշխարհին մէջ  Աստուծոյ հետ իր  նմանութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.