2015-06-13 08:58:00

Տիւրզիները գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւեն Սուրիոյ մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին հարաւային Սուրիոյ տիւրզիներուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտի պետ զօր. Մարփին Տեմսիի՝ նշելով. «Այն ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ ահաբեկում է եւ Իսրայէլի սահմանին շատ մօտ գտնուող Ճապալ Տրուզի մէջ կէս միլիոն տիւրզիներու գոյութեան կը սպառնայ»:
Մինչ այդ, ականատեսներ գերմանական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ «Ճապհաթ Նուսրա»ն հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քալպ Լաուզէ գիւղին մէջ տիւրզի համայնքէն 20 անդամներ սպաննած են: Իսլամ ծայրայեղականներու այդ խմբաւորումը բնակիչներուն արգիլած է հեռանալ գիւղէն, ուր կը գտնուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած եկեղեցի մը:
Աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» թերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար, լիբանանեան կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչ Ուաէլ Ապու Ֆաուր վերոնշեալ հարցով մեկնած է Թուրքիա կամ Յորդանան:
Իր կարգին, Լիբանանեան «Թաուհիտ» կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տիւրզիները պատրաստ են կռուելու ահաբեկիչներուն դէմ, սակայն անոնք բաւարար զէնք չունին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի տիւրզիները պատրաստ են օժանդակելու, աւելցնելով, որ Քալպ Լաուզէ ջարդին պատասխանատուները Քաթարն ու Թուրքիան են, «եւ այդ երկու պետութիւններէն պիտի լուծենք մեր վրէժը»։ Ուահապ աւելցուց, որ Սուրիոյ պետութիւնը «մեծ պատասխանատուութիւն ունի», եւ խօսքը Սուրիոյ նախագահին ուղղելով ըսաւ, որ մեծամասնութեամբ տիւրզիներով բնակեցուած «Սուէյտան զէնքի կարիք ունի, եւ զէնք ստանալու որեւէ ուշացման պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ սուրիական պետութիւնը»: Ան ըսաւ, որ տիւրզիները գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւեն:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ առնուոզն 4 ռումբեր ինկած են Սուէյտա քաղաքին մէջ, պատճառելով վիրաւոր մը եւ նիւթական վնասներ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ուղղափառ ասորիներու կրօնական ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն հետ Յունիս 11ին կայացած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ամէնէն կարեւոր հարցը իսլամ ծայրայեղական գաղափարախօսութեան դէմ դնելն է՝ աւելցնելով, որ Սուրիան պիտի մնայ հայրենիքը բոլոր սուրիացիներուն: Ան շեշտեց, որ ամբողջ շրջանը կ՛ենթարկուի ահաբեկչական յարձակումի մը, որուն հիմը ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնն է, որ Սուրիոյ մէջ թիրախ կը դարձնէ բազմամշակութայնութիւնը՝ աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով յաջողեցաւ այդ գաղափարախօսութեան դէմ դնելու՝ կառչելով իր պատմութեան, մշակոյթին եւ արմատներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.