2015-06-13 09:25:00

Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նիւթական օժանդակութիւն Իրաքի ի նպաստ


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մէկ միլիոն 200 հազար ամերիկեան տոլար տրամադրած է Իրաքի ի նպաստ՝ կառուցանելու համար  բնակարաններ, ջրհորներ եւ դպրոց մը, հալածուած քրիստոնեաներուն ։

Գաղտիացիներու եպիսկոպոս` գերապայծառ Պաշար Ուարտա այցելութիւն կատարելով Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին դրամական օգնութեան դիմումնագիր ներկայացուցած է գաղթական 13 հազար քրիստոնեայ ընտանիքներու ի սպաս, որոնք Յունիս 2014էն անդին հիւրնըկալուած են Էրպիլ թեմի մօտ։ Ընդառաջելով անոր խնդրանքին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահութիւնը վճռած է տրամադրել 1.237.400 տոլար ֆինանսաւորելու հետեւեալ երեք ծրագիրները.

Բնակարաններ տրամադրել արտահան ընտանիքներու Նինիվի մէջ՝ 375.000 տոլար­. Չորս ջրհորներ կառուցել՝ Մուսուլէն եւ Նինվիէն եկած գաղթականներու համար՝ 214.400 տոլար. Էպրիլի մէջ դպրոց մը կառուցել գաղթականներուն համար՝ 652.000 տոլար։

Իտալական Քարիթասը իր կարգին յանձն առած է տրամադրել 975.000 տոլար, յառաջիկայ օգոստոս  2015-ին՝ 13 հազար գաղթական ընտանիքներուն սննդեղէն ապահովելու համար։

Իրաքի մօտ առաքելական դեսպանը գերապայծառ Galantino շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալիոյ եկեղեցւոյ ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար ըսաւ ''յաճախ կը մտաբերեմ այն խօսքը որ գաղթական մը ականչիս փսփսած է. ‘’Հալածուած ենք, բայց այնպէս մը ըրէք, որ մենք մեր բախտին չի լքուինք’’:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.