2015-06-13 12:24:00

Եղէք կամուրջներ եւ ոչ թէ պատնէշներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկաուտներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 13 յունիս, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաց համաժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարք Ուէլլէն, ապա ժամը 10.30ին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ ընդունեց  իտալական գերագոյն ատեանի խորհուրդի անդամները։

Հուսկ՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  ունկնդրութիւն շնորհեց, Իտալիոյ զանազան վայրերէն ժամանած շուրջ 80000 սկաուտական շարժումի անդամներուն ու անոնց ընկերացող պատասխանատուներուն ։

''Դուք Իտալիոյ Եկեղեցւոյ թանկարժէք մասերէն մին կը կազմէք՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկաուտներու ուղղած պատգամին սկիզբը, աւեցնելով թէ ՝՝թերեւս ձեր մէջ գտնուող ամէնէն փոքրիկները լաւ չեն ըմբռնած  սոյն ճշմարտութիւնը , յուսամ որ երէցները՝ աւելի լաւ կարենան հասկնալ զայն։

Գնահատելով Սկաուտական շարժումի մատուցած ծառայութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց ''Դուք՝ մեծապէս  կը նպաստէք ընտանիքներուն, ու  մանուկներուն դաստիարակչական կազմաւորման։ Ծնողները՝  իրենց զաւակները ձեր հոգածութեան յանձնած են , որովհետեւ՝ անոնք հոմոզուած են ու կը վստահին ձեր ունեցած բարութեան եւ սկաուտական շարժումի  խոհեմ դաստիարակչական  համակարգին վրայ՝ որ հիմնուած է մարդկային բարձրագոյն արժէքներու վրայ։  Ծնողներու այս վստահութիւնը պէտք չէ երբեք յուսախաբութեան մատնել։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկելով Սկաուտական շարժումի հիմնադիր Լորտ Պատէն Փաուլին  ուղղուած մէկ հարցումին  ''թէ կրօնքը ի՞նչ գործ ունի սկաուատական շարժումին մէջ'' եւ հիմնադիրին  տուած պատասխանին ''կրօնքը պէտք չունի հոն մտնելու որովհետեւ արդէն  իսկ հոն է'', Ֆրանչիսկոս Պապը   ըսաւ  ՝՝Սկաուտական շարժումին մէջ գոյութիւն չունին  կրօնային բաժանմունք մը , անոր ամբողջականութիւնը հիմնուած է կրօնքի վրայ­ այսինքն Աստուծոյ ճանաչողութեան ու անոր ի սպաս ծառայութեան ։

Քահանայապետը հուսկ  գնահատեց Սկաուտական շարժումի զանազան ձեռնակները որոնց շարքին` Սուրբ Գիրքի սկզբունքներու վրայ հիմնուած կազմաւորման պահերը ։

Ձեզի նման Կաթողիկէ հաստատութիւններ, եկեղեցւոյ համար մեծ գանձ մըն են  ուր Սուրբ Հոգին կը ներգործէ ու կը ներշնչէ  Աւետարանացումը։ ։

Վստահ եմ որ ձեր կազմակերպութիւնը կարող է նոր եռանդ տալ Աւետարանութեան ու սատարել ընկերութեան մէջ  երկխօսութեան հաստատումին։Եղէք կամուրջներ եւ ոչ պատնէշներ –ըսաւ ու կրկնեց Սրբազան Հայրը  հրաւիրելով ներկաները իրենց կապերը երբեք չի խզել տեղական ժողովրդապետութիւններու հետ։

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհեց ներկաներուն անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.