2015-06-13 09:39:00

Գ. Կիրակի Հոգեգալուստ «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»


Այս խօսքերով Քրիստոս հանդիմանեց փարիսեցիներուն, որոնք անոր աշակերտներուն մեղադրեցին շաբաթ օրը չպահելու պատճառով: Աշակերտները արտերու մէջէն անցելով հասկեր փրցուցած եւ կերած էին որովհետեւ քաղցած էին: Արդ այս արարքը աշակերտներուն` Աստուածային օրէնքին խախտում համարուեցաւ փարիսեցիներուն կողմէ: Իրենց համար շաբաթ օրով նոյնիսկ իրաւունք չունէին հանգոյց քակելը, կերակուրին մէջ աղ ցանելը եւ այլն:

         Քրիստոս սակայն իր աշակերտներուն պաշտպան կը հանդիսանայ փարիսեցիներուն յարձակումներուն դէմ` օրինակ բերելով ԴԱՒԻԴ մարգարէն, որ աւելի ծանր կերպով օրէնքին դէմ գործած էր` երբ Աստուծոյ տաճառը  մտնելով` Առաջաւորութեան կամ ընծայման հացը կերած էր, որ թոյլ տրուած չէր ոչ իրեն եւ ոչ ալ իր հետեւորդներուն: Արդ Դաւիդին այս արարքը յանցանք մը չհամարուեցաւ , որովհետեւ ինքը եւ իրեն ընկերացողները անօթի էին:

         Յիսուս ուրիշ օրինակ մը կը բերէ թէ ինչպէս քահանաները կրակ կը վառէին, անասուններ կը մորթէին, այսուհանդերձ` անոնք շաբաթը պղծած չէին ըլլար, անոր համար որ այդ գործերը աստուածային պաշտամունքի կը վերաբերէին: 

         Յիսուս իր խօսքը կ՛եզրակացնէ ըսելով. գացէք սորվեցէք ուրեմն թէ ինչ կը նշանակէ «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»:

         Ողորմութիւնը սիրոյ մայրն է: Ոչ ոք չի կրնար ըսել. «Ես ունեւոր չեմ, ես ողորմածութիւն տալու ոչինչ չունիմ: Տո՛ւր երկու լուման, ինչպէս աղքատ այրին, եւ Աստուած պիտի արժեւորէ եւ գնահատատէ քու ողորմութիւնդ եւ մարդասիրութիւնդ: Նիւթապէս կարող չե՞ս օգնելու, ունիս ուժ եւ կարող ես ծառայութեամբ ողորմութիւն ընել չունեւոր եղբօրդ: Եթէ այդ չունիս կարող ես խօսքով մխիթարել քո եղբօրդ: Համբերել անոր խռովութեան ժամանակ,հանդուրժել անոր բարկութիւնը կարող ես ներել եւ լռել: Այսպէսով ողորմութիւն կ՛ընես:

         «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ»: Այս խօսքով Յիսուս կ՛ուզէր փարիսեցիներուն հասկցնել թէ թէպէտ աստուածային պաշտամունքը մարդուս առաջին մեծ պարտականութիւնն էր, այսուհանդերձ ան կ՛արտայայտուէր ընկերսիրութեամբ, որովհետեւ մէկը չի կրնար Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, եթէ իր եղբօր օգնութեան չփութայ, անոր կարօտութեան մէջ: Արդարեւ, Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ ողորմութիւն: Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ բարեգութ ըլլալ, բարեսէր ու մարդասէր: Զոհը կարեւոր է, սակայն եթէ մեր պաշտամունքին զուգահեր սէր չկայ, ապարդիւն է: Աստուած չ՛ընդունիր մեր աղօթքները, եթէ մեր սիրտը ոխակալութեամբ եւ ատելութեամբ լեցուն է: Տէրը կ՛ուզէ մի միայն մեր խոնարհ սրտերն ու ազնիւ հոգիները:

         Ողորմութիւնը կ՛արտայայտուի աղօթքով. Երբ կ՛աղօթենք Աստուծմէ խդրելով աշխարհի խաղաղութիւն, եկեղեցւոյ հաստատութիւն, հիւանդներուն առողջութիւն, վշատացածներուն մխիթարութիւն, գործերու յաջողութիւնը, ննջեցեալ հոգիներուն հանգստութիւն, այն ատեն մեր մարդասիրութիւնը յայտնած կ՛ըլլանք, որովհետեւ անտարբերութիւնը մարդուս ամենամեծ թշնամին է:

         Սորվինք բարին գործել, սորվինք բարին խորհիլ ու մտածել, որովհետեւ Տէրը պէտք ունի մեր բարի սրտին, մեր բարի տրամադրութիւններուն: Երանի մեզի եթէ ողորմած ենք, որովհետեւ  ողորմութիւն պիտի գտնենք, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.