2015-06-13 10:55:00

Եղէք Աստուծոյ քնքշութեան հովիւներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրեցեալ քահանայ եղբայրներ, օրհնութիւնս շնորհելէ առաջ, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի` այս հոգեւոր կրթութեան ձեր մասնակցութեան համար, միասին աղօթելու ու Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին համար խնդրելու բարեխօսութիւն եւ Սուրբ Հոգիի նկատմամբ Սրտի տրամադրելիութիւն։ Վերադարձէք ձեր ժողովրդապետութիւնները ու ձեր հաւատացեալներուն յատուկ քնքշութեամբ եւ առատ ողորմութեամբ ինչպէս նաեւ վեհանձն սիրով''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած անպատրաստից եզրափակիչ խօսքը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ`  քահանաներու համաշխարհային երրորդ հոգեւոր կրթութեան մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, 12 Յունիսի յետմիջօրէին։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս առթիւ քահանաներուն ներկայացուց  ''Սէրէն բարեփոխուած ու սիրոյ համար'' խորագիրով  մտածական մը որուն մէջ ակնարկեց Եկեղեցւոյ գեղեցկութեան, միութեան եւ ողորմութեան նիւթերուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ Զատիկը միասնաբար տօնախմբելու կարելիութեան։ Ան ապա մատնանշեց թէ Ասիան Եկեղեցւոյ յոյսն է, խօսեցաւ եկեղեցիէն ներս կիներու դերին մասին ինչպէս նաեւ յառաջիկայ նոյեմբերին` կեդրոնական Ափրիկէ եւ Ուկանտա  կատարելիք ճամբորդութեան մասին։

Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ բանավէճն ու անկեղծութիւնը ինչպէս նաեւ համեմատութիւնը կենսունակութիւն կու տան Եկեղեցւոյ` ''Եկեղեցի մը առանց վիճաբանութեան մերած եկեղեցի է։ Գերեզմանոցի նման''։ Եկեղեցին ըսաւ  Սրբազան Հայրը ''իգական'' է Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է ու Մայր` Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին եւ կիները որ այստեղ ներկայ են Եկեղեցւոյ եւ Աստուածամօր նմանութեան ու պատկերին համաձայն են։

Քահանայապետը ապա հայեացքը ուղղելով քահանաներուն յոյս յայտնեց որ անոնք ''բարեփոխուին սէրէն'' ու ապա անդրադարձաւ Տիրոջ գթութեան ու անոր անսահման սիրոյն եւ ներումին ու շեշտեց թէ հօտը գիտէ ճանչնալ ու բաղդատութիւն դնել  ''այն քահանային միջեւ որ սիրահարուած է Յիսուսին եւ անոր որ պարզ ''պաշտօնեայ'' է։ 

''Ամէն քահանայ թող գիտակից ըլլայ թէ հակառակ իր անարժանութեան Տէրը զինք կը կոչէ իր ժողովրդին ծառայելու համար։ Թոյլ տուէք որ Տէրը ձեզ սիրէ, ձեր սիրտը բացէք Անոր։ Սուրբ Հաղորդութեան տապանակին դիմաց` ուր կը գտնուի Սէրը,  աղօթեցէք, նոյնիսկ լրութիւն պահելով առանց խօսելու'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց քարոզներ կատարել որոնք սրտին կը խօսին` ''ժամանակ մի կորսնցնէք­, խօսեցէք Յիսուսի մասին ու անոր հաւատալու ուրախութեան մասին''։

''Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը մի ժխտէք եւ ոչ մէկուն։ Եկեղեցին Մայր է` խորդ մայր մը չէ։ Ողորմած եղէք մի վախնաք որովհետեւ սէրը կը բարեփոխէ եւ վարակիչ է'' յարեց ապա 

Սրբազան Հայրը ու խօսեցաւ քրիստոնեաներուն բաժանումի գայթակղութեան մասին հաստատելով թէ համամիութիւնը պարտականութիւն մը չէ այլ Յիսուսէն մեզի յանձնուած պատուէր։  Ֆրանչիսկոս Պապը  մարտիրոսներուն մէջ նշեց ''արեան համամիութիւնը''­ վեր առնելով յիշատակն անոնց որոնք Քրիստոսի անունին համար նահատակուեցան։

Ան ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միսիոնարականութեան ինչպէս նաեւ աշխարհայնացումի երեւոյթին, դրամասիրութեան  ու սատանային ծողակներուն։

Հուսկ խօսեցաւ Եւրոպայի մասին ու անոր առջեւ գտնուող մարտահրաւէրներուն ու անդրադարձ կատարեց Ուքրանական տագնապին։ Ակնարկելով Ափրիկեան ցամաքամասին մատնանշեց Քահանաներու եւ կոչումներու պակասին ` ուր եկեղեցւոյ ողնայարը կը կազմեն ''կրօնուսոյցները'' որոնց կազմաւորումը անհրաժեշտ ու հիմնական է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու անդրադարձաւ գաղթականութեան երեւոյթին ու գաղթականներուն  հանդէպ Եկեղեցւոյ տարած հոգատարութեան։ Ապա Ասիական ցամաքամասին ակնարկելով նշեց թէ  կը կազմէ եկեղեզւոյ յոյսը­, մատնանշելով թէ Հնդկաստանը սքանչելի հարստութիւն մըն է ու թէ Ասիան հոգեւորականութեան մեծ պաշար ունի։

Հանդիպումէն ետք. մի քանի քահանաներ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին ու ինք սովորութեան համաձայն պատասխանեց անոնց մինչ Սուրբ Պատարագի արարողութեան  ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ,­  մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը­, Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ Աստուծոյ սիրոյն մասին հանդէպ իր ժողովուրդին ու անոր հոգատարութեան։ Ապա վերյիշեց Լիպիայի մէջ սպաննուած 23 ղպտի մարտիրոսները որոնք – ըսաւ Ան – վստահ էին թէ Աստուած զիրենք պիտի չի թողու։ Անոնք գլխատուեցան արտասանելով Յիսուսին անունը։ 

Քանիցս – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը – վախ ունինք Աստուծոյ քնքշութենէն ու ասոր համար կը դառնանք առանց քնքշութեան հովիւներ։ Դուք պէտք էք նմանիլ այն հովիւին որ 99 ոչխարները թողելով գնաց փնտռելու կորսուածը` ու ապա ուսերուն վրայ շալկած տուն վերադարձաւ։

Այսօր ձեզմէ կը խնդրեմ որ դառնաք Աստուծոյ Քնքշութեան հովիններ – ըսաւ ապա Քահանայապետը քարոզին աւարտին, մենք կը հաւատան Աստուծոյ մը որ մարդեղացաւ, որ սիրտ մը ունի ու այդ սիրտը այսօր հետեւեալը կ՛ըսէ` «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի»։








All the contents on this site are copyrighted ©.