2015-06-12 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ''քահանայից հոգեւոր կրթութեան'' մասնակիցներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 12 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լեհաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիկ Եւա Քոշաչ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը որմէ ետք ընդունեց Անքոնա-Օզիմօ թեմի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ էտոարտօ Մենիքելլին ու ապա Հայր Ռիքքարտօ Ֆաչչին` "Hogares nuevos-Obra de Cristo" կազմակերպութեան հիմնադիրն ու նախագահը։

Ժամը 12-ին Նորին Սրբութիւն ունկնդրութիւն շնորհեց  ''Քաղաքացիական օդանաւորդութեան կաթողիկէ մատրանապետերու'' համաշխարհային ուսումնաժողովի մասնակիցներուն մինչ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Սրբազան Պապը կ՛ուղղուի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Հռոմի լատերանեան պազիլիքա հանդիպելու համար` ''Քահանաներու համաշխարհային հոգեւոր կրթութեան'' մասնակիցներուն։

Յայտնենք որ քահանաներու համաշխարհային երրորդ հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ առած էր անցեալ 10 յունիսն որպէս բնաբան ունենալով ''Սրբութեան կանչուած նոր աւետարանութեան ի խնդիր''։

12 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 4-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հոգեւոր կրթութեան մասնակցողներուն կը ներկայացնէ ‘’Սէրէն բարեփոխուած ու սիրոյ համար'' խորագիրով  մտածական մը որուն կը յաջորդէ ս. Պատարագի արարողութիւնը։

Վերոյիշեալ հաւաքը ուղղուած է հինգ ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ սարկաւագներուն եւ կը նախատեսէ հինգ նիստեր, իւրաքանչիւրը նուիրուած մէկ նիւթի. ''Միատեղ համախմբուած, վերահաշտուած, բարեփոխուած, զօրացած, հրաւիրուած նոր աւետարանութեան համար''։  Բոլոր այս նիւթերը ներշնչուած են ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրէն։

Հոգեւոր կրթութիւնը կ՛եզրափակուի 14 Յունիսին` Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս կարդինալ Վալլինիի` մատուցած եզրափակիչ ս. Պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.