2015-06-12 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լեհաստանի Վարչապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` 12 յունիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդունեց Լեհաստանի վարչապետ` Տիկ. Եւա Քոփաչը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր հանդիպումի ընթացքին, գնահատուեցան` Ֆրանչիսկոս Պապին 2016-ին` Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն առթիւ Լեհաստան կատարելիք ճամբորդութեան հայող պատրաստութեան արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Հուսկ շեշտը դրուեցաւ Եկեղեցւոյ դրական սատարին Լեհաստանի ընթացիկ ժամանակներու տնտեսա-ընկերային շրջագիծէն ներս ու արծարծուեցան բարոյական ասպարէզի հայող նիւթեր։

Զրոյցները յանգեցան ապա միջազգային քաղաքականութեան հայող հարցերու շուրջ յատուկէն անդրադառնալով Ուկրանիոյ հարցի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.