(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 13 Յունիս 2015-ին ժամը 13-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Տիրամայր Հայաստանի ''Անի Պեզիքեան'' երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը որուն ապա կը յաջորդէ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ։ Մինչ երեկոյեան ժամը 6-ին, նախատեսուած է համերգ մը ի պատիւ վերոնշեալ կենդրոնի բարերարներ Ալէքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, կատարողութեամբ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբին։
Վերոնշեալ կեդրոնը պիտի ծառայէ որպէս վայր` յատկացուած երիտասարդութեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հովանաւորութեամբ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |