2015-06-12 09:44:00

Հռոմի թեմի հովուական ժողովը 14-16 Յունիս։


(Ռատիօ Վատիկան) 14-16 յունիս 2015, Հռոմի թեմը կազմակերպած է իր հովուական ժողովը որուն կը մասնակցին առաջին հաղորդութեան խորհուրդը ընդունող պատանիներու եւ  դրոշմի խորհուրդին մօտեցող չափահասներու ծնողները, քահանաներու ու կրօնուսոյցներու հետ միասին։

Թեմական ժողովը սկիզբ կ’առնէ կիրակի` 14 Յունիսին, ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, երեկոյեան ժամը 6-ին, ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ու Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս   Կարդինալ Վալլինիի արտասանած ողջոյնի խօսքով։

Երկուշաբթի 15 Յունիսին նախատեսուած է երկրորդ հաւաքը ս. Յովհաննէս լատերանեան պազիլիքայի մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին։ Թեմական հովուական ժողովի ընթացքին նախատեսուած են երեք   միջամտութիւններ հետեւեալ նիւթերու շուրջ. Առաջին` ծնողները ու հաւատքի հաղորդումը զաւակներուն, երկրորդ` ձեզի կը հաղորդենք այն ինչ որ ընդունեցանք։ երրորդ` ծնողներու պատասխանատուութիւնը, վկաները կեանքի գեղեցկութեան։

Երեքշաբթի 16 Յունիսին նախատեսուած հաւաքը տեղի պիտի ունենայ լատերանեան համալսարանին մէջ։

Հաւաքին մասնակցողները կանչուած են պատասխան տալու ու բանաձեւելու ուղղութիւններ ու առաջարկներ 2015-2016 հովուական տարւոյն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.